Հայաստանն ու Թուրքիան կրնան լուծել բոլոր խնդիրները եւ լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները նոյնիսկ վաղը, եթէ թրքական իշխանութիւնը քաղաքական կամք դրսեւորէ:
«Երեւանեան Երկխօսութիւն» միջազգային համագումարին ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ՝ Ռուբէն Ռուբինեան:
«Իրականում, Հայաստանի բոլոր կառավարութիւնները 1991 թուականից՝ մեր երկրի անկախացումից ի վեր, երբեւէ պատմութիւնը չեն դրել Թուրքիայի հետ բանակցային գործընթացի մէջ, մենք միշտ պատրաստ ենք եղել բացել սահմանները եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ, եւ եթէ մեր թուրք հարեւանները քաղաքական կամք դրսեւորեն, ապա կարող ենք լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները նոյնիսկ վաղը»,- նշած է Ռուբինեան:
Յիշենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ, 1993 թուականէն Թուրքիան փակած է Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը։