ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մասին Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան բանաձեւ ընդունած է։ Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է ցեղասպանագէտ Սուրէն Մանուկեան.
«Բանաձեւը ընդունեց Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը International Association of Genocide Scholars, որ ցեղասպանութիւնները ուսումնասիրող ամենամեծ եւ ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւնն է։ Անոր անդամ են մօտաւորապէս 700 ցեղասպանագէտներ, որոնց քուէրարկութեամբ ընդունուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի մասին Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան բանաձեւ»-ը։
Բանաձեւին համաձայն, Կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ որ.
1- 2022 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, Լաչինի միջանցքին փակումը կը համարուին ստեղծում կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք կը յանգեցնեն հայերու ցեղային, ֆիզիքական ոչնչացման կամ տեղւոյն հայերուն ֆիզիքական վնասին, որոնք ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագրին յօդուածներուն սահմանումով կը համարուին ցեղասպանական գործողութիւններ:

2- 2023 թուականի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին հայերու զանգուածային հարկադիր տեղահանումը արգելափակման եւ ռմբակոծման միջոցով ցեղային զտում եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնն է` բռնի տեղափոխում եւ տեղահանութիւն:

3- խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է:

4- հայ ռազմագերիներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն խոշտանգումը եւ սպանութիւնը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է: