Ռուսիոյ Դեսպանութիւնը շնորհաւորեց Հայաստանի քաղաքացիներուն ազգային տօնը՝ Հանրապետութեան անկախութեան օրը: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Ռուսիոյ դեսպանութենէն:
«Եղբայրական հայ ժողովուրդին տարածաշրջանի եւ աշխարհի համար դժուարին ժամանակներու մէջ կը մաղթենք կայուն ապագայ, արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի բարօրութիւն երկրի եւ բարգաւաճման:
Ռուսիա եղած է, կայ ու միշտ պիտի ըլլայ դաշնակից Հայաստանի եւ անոր եղբայրական ժողովուրդին կողքին, ինչպէս մեզ պատգամուած է ընդհանուր հերոսական պատմութեամբ: Համոզուած ենք, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դաշնակցային փոխգործակցութեան և բազմատարր գործակցութեան հետագայ զարգացումը կը համապատասխանէ մեր երկիրներու ժողովուրդներու ակնկալիքներուն եւ շահերուն», ըսուած է ուղերձին մէջ։