Այս անգամ արդարդութեան ձայնը լսելի կը դառնայ Հայաստան աշխարհէն հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող՝ Գանատայէն։
Արդարեւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի անդրադարձ մը կատարելով Հայ-Ատրպէյճանեան թնճուկին մասնաւորապէս կ’ըսէր՝ «Գանատան պիտի շարունակէ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ` բարեխղճօրէն ներգրաւուելու բանակցային, խաղաղ, քաղաքական միջոցներով Հայաստանի հետ տագնապի լուծման` յարգելով Հելսինքեան սկզբունքները, ազատ արձակելով կամայականօրէն պահուող հայ գերիները, յարգելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զերծ մնալով ուժի կիրարկումէն ու սպառնալից հռետորաբանութենէն»: Եղած յայտարարութիւնները թերեւս նորութիւն մը չեն բերեր, սակայն ուշագրաւն այն է, որ այս որակի յայտարարութիւններ կը հնչեն «Արեւմտեան Պլոք»ի մաս կազմող այն երկրէն, որ յառաջիկային մասնակից պիտի դառնայ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին։
Հայկական ճակատին համար այս տիպի յայտարարութիւնները ոչ միայն կարեւոր կը համարուին, այլ նաեւ տեղ մը յուշել կու տան, որ Հայաստան առնուազն մարդկային հարցերու մակարդակի վրայ, գերիներու խնդրով ու նաեւ Արցախի ժողովուրդի օրակարգին առնչութեամբ առանձինն չէ։
Ճիշդ է, որ նման յայտարարութիւնները շատ բան պիտի չփոխեն Պաքուի բաւական կարծր կեցուածքներէն, բայց եւ այնպէս անոնք՝ յայտարարութիւնները հող կը պատրաստեն, որպէսզի «Միջազգային Հանրութիւն»ը քիչ մը աւելի խոր հայացքով դիտարկէ տեղի ունեցող գործընթացները ու մանաւանդ յիշէ, որ Արցախի կամ «Միջազգային Հանրութեան» կողմէ աւելիով ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղ»ի խնդիրը ոչ թէ լուծուած է շրջանին մէջ աւելի բարեյաջող փուլ մը բանալու յոյսերով, այլ տեղի ունեցած է մեծ անարդարութիւն, հազարաւոր հայեր զրկուած են իրենց պատմական հայրենիքին ու հողերուն վրայ ապրելու իրաւունքէն, ու նաեւ Արցախի քաղաքական վերնախաւին մաս կազմող հայ անձնաւորութիւններ ինչ-ինչ անհասկնալի պայմաններու տակ յայտնուած են Պաքուի բանտերուն մէջ։
Գերիներու հարցը, որ կը համարուի ամենախրթին հարցերէն մին նաեւ պատուհան մը կը բանայ այն հիմնաւոր վարկածին մասին, որ Ատրպէյճան այս փուլին բնաւ պատրաստ չէ խաղաղութեան երթալու Հայաստանին հետ։
Այո ամենաբարձր հարթակներու վրայ եւ ամենատարբեր առիթներով խօսակցութիւններ կը լսուին այն մասին, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան «լուրջ» բանակցութիւններ կը կատարեն եւ մտադիր են խաղաղութեան մը հասնիլ։ «Միջազգային Հանրութեան» տարբեր պատասխանատուներ, որ ամէն առիթի կ’ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մը հասնելու համար իրականացուած ճիգերը խորքին մէջ այդ ողջունելէ անդին երթալու մտադրութիւնը չունին։
Ատրպէյճան իր ձեռքին ունի նաւթի ու մանաւանդ կազի խաղաքարտը, որուն ճամբով ալ յաջողութեամբ ետ կը մղէ յատկապէս Եւրոպայի կողմէ իր ուղղութեամբ կատարուած ճնշումները։ Այս բոլորին զուգահեռ Պաքու նաեւ կը գործածէ Մոսկուայի հետ իր ունեցած բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները ու տեղ մըն ալ կարծէք կը կատարէ նեղ կացութեան մէջ յայտնուած Փութինի «փափաքներ»ը, որոնք առաւելաբար կապ ունին ռուսական կազը Եւրոպա հոսեցնելու եւ այդպէս ալ Պատերազմ մղող Ռուսաստանին կանխիկ գումարներ ապահովելու առաջադրանքներուն հետ։
Այստեղ անշուշտ Հայաստանի շահերուն ի նպաստ բանող միակ օղակը կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգները, որ իր շահերուն համար կը շարունակէ ճնշումներ գործադրել Պաքուի վրայ։ Նախ Ատրպէյճանի ձեռքերը «կապել»ով ու հեռու պահելով Հայաստանը Ատրպէյճանի ռազմական ճնշումներուն դիմաց տեղի տալու համադրոյթէն։
Թէ մինչեւ ուր կրնայ շարունակուիլ ԱՄՆ-ի այս քաղաքականութիւնը տակաւին յստակ չէ, սակայն յստակ է, որ Պաքուի մէջ շատ լաւ սկսած են հասկնալ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Ռուսիոյ ուղղութեամբ «Քայլ մը կատարելու» ձեւաչափը այդքան ալ հեշտ կերպով պիտի չմարսուի։
Այս իրավիճակն անշուշտ կապ ունի, թէ յառաջիկային ով պիտի նստի ԱՄՆ-ի նախագահական աթոռին վրայ եւ անկէ ետք, ինչ պիտի փոխուի թէ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան եւ թէ ալ այդ երկրի առաջնահերթութիւններու մեծ տոմարին մէջ։
Այս բոլորը փաստելէ ետք հասկնալի է արդէն, որ արտաքին յայտարարութիւններու կամ նեցուկի կողքին ու այդ բոլորէն առաջ Հայաստանը ունի մէկ ճանապարհ եւ այդ ճանապարհը կը խօսի հզօր բանակ ստեղծելու մարտավարութեան մասին, որ առաջին փուլին պիտի դառնայ Հայաստանի անվտանգութիւնը պաշտպանելու հիմնական եւ սեփական գործիք։
Ի վերջոյ՝ աւելի յստակ պատկերացում մը ունենալու համար մասնաւորապէս Գանատայէն հնչած հայանպաստ յայտատարութիւններուն մասին ստորեւ կը ներկայացնեմ հայրենի վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանի գրչին պատկանող «Ինչէ՞ն կը վախնայ Ատրպէյճանը» գրութեան հիմնական բաժինը։
Պատալեան կը գրէ՝ «Օրերս նկատեցինք Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի յատուկ յայտարարութիւնը, որ Գանատայի ԱԳՆ ղեկավարն ըրած է Արցախի մէջ էթնիք զտման եւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման տարելիցի առիթով: Այդ յայտարարութեան մէջ Մելանի Ժոլին ըրած է կարեւոր ձեւակերպում, նշելով, որ Գանատան կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քաղաքական լուծման:
Ի հարկէ, մանրամասնելով իր պատկերացումը, Ժոլին ըստ էութեան յարաբերական դարձուցած է իր ձեւակերպումը, սակայն այդուհանդերձ այն ունի նուազագոյն կարեւոր արձանագրում՝ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը փաստացի կը խօսի այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չէ ստացած լուծում եւ խնդիրը գոյոթիւն ունի: Ինչ խօսք, Գանատան մէկ կողմէն ըլլալով Մեծն Եօթնեակի անդամ, միւս կողմէն ի հարկէ համաշխարհային քաղաքականութեան որոշիչ դերակատարներէն չէ, որու յայտարարութիւնը կրնայ եղանակ ստեղծել միջազգային օրակարգին մէջ:
Այդուհանդերձ, տուեալ պարագային բուն հարցն այն է, որ Մեծ Եօթնեակի անդամ պետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը կը հաւաստէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած չէ, Արցախի թեման փակուած չէ: Սա է նաեւ, որ անհանգստացուցած է Ատրպէյճանը, որ արդէն իսկ իր դժգոհութիւնը յայտնած է Ժոլիի յայտարարութեան կապակցութեամբ: Սակայն, տուեալ պարագային ի հարկէ պարզ է, որ լոկ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարի ձեւակերպումը չէ, որ կ’անհանգստացնէ Պաքուն:
Պաքուն կ’անհանգստացնէ այն, որ այսօր այդ ձեւակերպումը կ’օգտագործէ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարը, վաղը կրնայ ատոր վերադառնալ միջազգային քաղաքականութեան եղանակ ստեղծող առաւել ազդեցիկ որեւէ դերակատարի արտաքին գործոց նախարար, վաղը այդ հարցը կրնայ դառնալ միջազգային քաղաքականութեան առաւել որոշիչ գործընթացներու մաս: Այսօր այդ օրինակ դիտարկումները կրնան թուիլ երեւակայական, բայց որքան հնարաւոր չէ համոզուած ըլլալ այդպիսի հեռանկարի հարցով, նոյնքան ալ դժուար է համոզուած ըլլալ հակառակի հարցով: Աւելին, Ատրպէյճանն ինքը համոզուած չէ այդ հարցով, ու ճիշդ ատոր համար է, որ պայման կը դարձնէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կամ այլ կերպ ըսած՝ մինչ այժմ գոյութիւն ունեցող Հայաստանի հանրապետութեան իրաւա-քաղաքական հենքի փոփոխութիւնն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ու համանախագահութեան լուծարումը:
Ատրպէյճանն օգտուած է համաշխարհային պղտորած ջուրէն եւ ուժի կիրառումով բռնագրաւած Արցախը, ենթարկած էթնիք զտման ու բռնի տեղահանման, բայց միջազգային պղտոր ջուրը ամենեւին զուլալուած չէ, եւ նոյնիսկ կը շարունակէ «պղտորիլ», այսինքն միջազգային յարաբերութիւններու վերանայման, աշխարհակարգի վերանայման խորքային գործընթացը կը շարունակէ ծաւալիլ դէպի անորոշութիւն ու անկանխատեսելիութիւն:
Իսկ այդ պարագային նոյնպիսի անկանխատեսելիութիւն է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի հեռանկարի առումով: Պաքուի տագնապն այն է, որ համաշխարհային այդ «մշուշի» մէջ յանկարծ կրնայ բախիլ այդ խնդրին: Ամբողջ հարցն այն է, որ այդ առնչութեամբ սրտայոյզ պատրանքներու փոխարէն, արցախահայութենէն, յատկապէս անոր այսպէս ըսած հաստատութենական կառուցային կամ օրինական ներկայացուցիչներէն, նաեւ Հայաստանէն եւ ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութիւններէն լայն իմաստով կը պահանջուի հանդարտ, հետեւողական, եւ բանական աշխատանք»։
Սագօ Արեան