Շաբաթ՝ 28 Սեպտեմբեր 2024-ին, Մայր Աթոռի բացօթեայ խորանին մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը, որ անցեալ տարի պէտք էր տեղի ունենար, սակայն Արցախի հայաթափման պատճառով յետաձգուած էր:
Յաջորդ օրը, շուրջ 6 տարուայ վերանորոգման աշխատանքներէն ետք, Կիրակի՝ 29 Սեպտեմբեր 2024-ին, կայացաւ Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւնը։
Եկեղեցւոյ եւ իշխանութեան խիստ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ՝ այդտեղ ներկայ էին նաեւ պետական պաշտօնեաներ՝ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։
Բացման արարողութեան հետեւեցաւ հայրապետական սուրբ պատարագը։
Մայր տաճարի վերաօծման արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ըսաւ. «Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է, որ մարտնչիլ Սուրբ Էջմիածինի դէմ կը նշանակէ մարտնչիլ հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեան եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութենէ»:
«Սուրբ Էջմիածինի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ կը նշանակէ փորձել տկարացնել մեր ազգը, խարխլել հիմքերը անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որուն ջատագովն ու պաշտպանն է հայոց եկեղեցին: Ս. Էջմիածինի հանդէպ աշխարհասփիւռ հայութեան որդիական ջերմ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ամուր է մեր հայրենիքը, զօրեղ եւ անկոտրում` միաբանութիւնը մեր ժողովուրդի», ընդգծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Վեհափառը կոչ ըրաւ նաեւ միջազգային հանրութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քոյր եկեղեցիներուն զսպելու Ատրպէյճանը եւ փորձեն վերադարձնել այնտեղ բանտարկուած Արցախի բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչները: Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է ճնշել Պաքուի ծաւալապաշտական նկրտումները, այնպէս ընել, որպէսզի Ատրպէյճանը վերադարձնէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն զաւթուած հատուածները, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն դարձուի Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման, արցախահայութեան իրաւունքներուն: