Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 7 Հոկտեմբերի նիստի ընթացքին Հայաստանը չէ միացած «Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներու» եւ «Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ միակողմանի քայլերու կիրարկման անթոյլատրելիութեան» վերաբերեալ յայտարարութիւններուն: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեանը:
ԱՊՀ-ի մամլոյ ծառայութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուայի մէջ նիստի ընթացքին որդեգրած միացեալ յայտարարութեամբ կը դատապարտեն միակողմանի պատժամիջոցները եւ կը յորդորեն զերծ մնալ նման քայլերէ:
Յիշենք նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: