ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԵՆ

Ժընեւի մէջ 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի հանդիպումը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահը թրքական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու գործընթացին վերջին զարգացումները եւ վերահաստատած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: Ալէն Սիմոնեան թուրք գործընկերոջը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Կողմերը հանդիպումի աւարտին ձեռք բերած են շփումները շարունակելու համաձայնութիւն: