Ղազախստանը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեանը նոր որակ հաղորդելու հարցով։ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին Ասթանայի մէջ յայտնած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-ժոմարթ Թոքաեւը:
Ղազախստանի նախագահի պաշտօնական կայքին տեղեկացմամբ՝ երկու երկիրներու նախագահներուն բանակցութիւնները կայացած են «Աքորտա» նախագահական նստավայրին մէջ: Ջերմօրէն ողջունելով պաշտօնական այցով Ղազախստան ժամանած ՀՀ նախագահը՝ Ղազախստանի ղեկավարը նշած է, որ իր երկիրը շահագրգռուած է երկու պետութիւններուն համագործակցութիւնը որակապէս նոր մակարդակի հասցնելու հարցով։
«Վստահ եմ, որ այսօրուայ պայմանաւորուածութիւնները պիտի նպաստեն երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Մենք կը կարեւորենք բարձր մակարդակով պարբերաբար տեղի ունեցող հանդիպումները, որոնք ղազախ-հայկական գործընկերութեան ամուր հիմքն են: Ղազախստանի մէջ շատ կը գնահատեն Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները: Ղազախական հողին վրայ ջերմ զգացմունքներ կը տածեն հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ղազախստանի համար Հայաստանը յուսալի եւ ժամանակով փորձուած սերտ գործընկեր է։ Մեր ժողովուրդները կապուած են բարեկամութեան ամուր կապերով, ընդհանուր պատմութեամբ եւ համանման մշակութային ու մարդասիրական արժէքներով։ Գոհունակութեամբ կը նշեմ, որ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները յարաշարժ եւ առաջանցիկ կերպով կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով»,- ընդգծած է Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ։
Ան ընդգծած է, որ այս տարի կը լրանայ Ղազախստանի եւ Հայաստանի միջեւ Բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը, ձեւաւորուած է երկկողմ յարաբերութիւններու ամուր հաստատութենական հիմք։
«Առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան զուգահեռ աշխուժօրէն կը զարգանան մեր ժողովուրդներու մշակութային եւ մարդասիրական կապերը։ Անցեալ տարի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ ղազախական թատրոնի օրերը։ Յաջորդ տարի ձեր երկրին մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել Ղազախստանի մշակոյթի տասնօրեակ։ Այսօր հանդիսաւոր կերպով կը բանանք Ղազախստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերը»,- յայտնած է Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ:
Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախագահները բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, ելեւմտական, մշակութային եւ մարդասիրական, ինչպէս նաեւ թուայնացման ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները։ Նաեւ անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի ընթացիկ հարցերու շուրջ։