Թուրքիոյ փոխադրամիջոցի եւ ենթակառոյցի նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նիւթին: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը:
Ան «ԿՏՀ Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է. «Զանգեզուրի միջանցքը Պաքու-Թիֆլիս-Կարս գիծի այլընտրանքն է կամ երթուղի մը, որ պիտի մեծցնէ ատոր թողունակութիւնը: Ասիկա նախագիծ մըն է, որ մենք կազմած ենք` իբրեւ Կասպիցէն անցնող Ատրպէյճանէն դէպի Հայաստան կամ Իրան, այնտեղէն ալ Նախիջեւան եւ Տիլուջու, Իգտիր, Կարս գացող գիծ:
«Ատրպէյճանական կողմի կարեւոր հատուածները կառուցուած են, Նախիջեւանի կողմին վրայ գոյութիւն ունեցող գիծի վերականգնման աշխատանքները պիտի սկսին, Թուրքիոյ կողմի 224 քիլոմեթրի նուազուրդը կատարած ենք, յաջորդ տարի պիտի սկսինք»:
Պատասխանելով «անիկա Իրանէ՞ն, թէ Հայաստանէ՞ն պիտի անցնի» հարցումին` Ուրալօղլու նշած է, որ այդ բանակցութիւնները ատրպէյճանական կողմը կը վարէ: Ըստ նախարարին, սկիզբը Իրանի պարագային բաւական յառաջընթաց արձանագրուած էր, ապա պնդած է, թէ վերջին օրերուն հայկական կողմին առնչուած զարգացում կայ:
«Կը կարծեմ յառաջիկայ գործընթացին մէջ ատիկա ալ պիտի յստակացուի, եւ ամէնէն կարճ ճամբով Ատրպէյճանին եւ հետեւապէս թրքական աշխարհին պիտի կապուինք», ընդգծած է թուրք նախարարը: