Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է Ազատութիւնը համացանցին վրայ «վստահութեան համար պայքարը առցանց տիրոյթին մէջ» վերտառութեամբ զեկոյցը, որ կ’ընդգծէ, որ 21-րդ դարի առողջ ժողովրդավարութիւնը չի կրնար գործել առանց վստահելի առցանց միջավայրի, ուր կը գերիշխէ ազատ արտայայտման եւ բազմազան տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը:
Այս տարի Հայաստանը կրկին կը դասուի ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին: 2024 թուականի զեկոյցին մէջ Հայաստան ստացած է 74 միաւոր: Անցեալ տարի, ըստ զեկոյցին, Հայաստան ստացած էր 72 միաւոր:
Զեկոյցը կ’ընդգրկէ 2023 թ. Յունիս 1-էն մինչ 2024 թ. Մայիս 31 ինկած ժամանակահատուածը: Հայաստանի միաւորները բարելաւուած են, քանի որ վերոնշեալ ժամանակահատուածին ընկերային մետիահարթակները եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշերով պաշտպանուած բովանդակութիւն պարունակող կայքերը չեն արգելափակուած: