ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՑՈՅՑ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆՍԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ

Փարիզի մէջ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան առջեւ, հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի զինուորական ղեկավարութեան ազատ արձակման պահանջով ցոյց տեղի ունեցած է։ Այս մասին յայտնած է «Ազգային Ճակատ» թելեկրամեան ալիքը:

Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ին ընդառաջ, Փարիզի մէջ հայ երիտասարդներ պաստառներով եւ հրապարակային կոչերով պահանջած են անյապաղօրէն ազատ արձակել Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները եւ Արցախի զինուորական ղեկավարները։

Ցոյցին մասնակիցները նաեւ նամակ փոխանցած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին` պահանջելով ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ։