Դեկտեմբեր 11, 2015-ին Քէպէքի Ներգաղթի, Այլազանութեան եւ Ընդգրկումի նախարար Տիկին Քաթհլին Ուէյլ այցելեց «Հայ Տուն»: Նախարարը ընդունուեցաւ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Հովակիմեանի, «Հայ Տուն»ի Նախագահ՝ Տիկին Նայիրի Թաւլեանի եւ «Հայ Տուն»ի Տնօրէն՝ Տիկին Նարօտ Օտապաշեանի կողմէ: Նախարար Ուէյլի այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ «Հայ Տուն»ի փորձառութիւններուն, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ պատսպարեալներու կապակցութեամբ: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը Նախարարին նուիրեց հայկական զարդերու փորագրութիւններով փայտեայ խաչ մը:
Editor's Picks
Թուրք գիտնականները միայն մէկ գտածոյով առաջնորդուելով՝ կը փորձեն իսլամական անցեալ վերագրել...
Վանի մէջ գտնուած է պարսիկի մը հին գերեզմանը։ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ծանուցում ստացած է, որ Վան նահանգի Արտամէտ (Էդրեմիթ) գաւառի Շապանիյէ թաղամասին մէջ գանձ որոնողները...
Popular
Vibrant ACC Cocktail Reception To Recently Elected Federal Minister and...
On January 6th, on the occasion of the Armenian Christmas, a highly attended, vibrant cocktail reception was organised by the newly formed Armenian Canadian...