«Բոլոր առումներով ուշացած ենք», այսպէս կը պատասխանէ պէյրութահայ բարեկամս Համբիկ Թորոսեանը, որ առնուազն իսրայէլեան 3 պատերազմներու ականատես դարձած է։
Պէյրութեան պատերազմներու տարեգրութիւնը սեւ եւ արիւնալի ալպոմի մը հանրագումարն է, որուն տարբեր տարիներուն եւ փուլերուն ընթացքին յաճախ տեղի ունեցած են ներ-լիբանանեան ճակատումներ։
1978, 1982, 2006 եւ ներկայիս ալ 2024. այս տարեթեւերէն իւրաքանչիւրը կը պատմէ Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմի ամենատարբեր փուլերուն մասին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը տարբերի միւսներէն, իր նպատակներով, «զէնքերով» ու նաեւ շրջանային պայմաններով։
1948-ին տեղի ունեցած «Նաքպա»-էն, ետք, որուն հիմքով ալ հազարաւոր պաղեստինցիներ ապաստան կը գտնէին Լիբանանի մէջ, երկիրը ուղղակիօրէն «կ’ընդելուզուէր» այդ պայքարին մէջ ու կը դառնար «Պաղեստինեան դատ»-ին կարեւորագոյն հանգոյցներէն մին։
Գերիշխան երկիր համարուող Լիբանանի բոլոր կանոնները եւ «Կարմիր գիծերը» կոտրելով պաղեստինցիք ընթացք կու տային զինեալ պայքարի մը, որուն գլխաւոր բաղադրիչները՝ Եասէր Արաֆաթի առաջնորդած «Ֆաթհը» կամ «Ճապհա շահպիյան» կամաց-կամաց աճելով իրողապէս «փորձութիւն» կը դառնային այդ ժամանակներու «Արեւելքի փարիզ» յորջորջուող Պէյրութին։
Պաղեստինցիներու ունեցած ապօրինի զէնքը, որուն «օրինականութեան» համար մեծ պայքար կը տանէին Լիբանանի իսլամական համայնքները «կը վառէր» ներ-լիբանանաեան քաղաքացիական պատերազմի պատրոյգը, որ կը տեւէր 15 տարի եւ կ’աւարտէր 1990-ին «Թաէյֆի համաձայնագրով»։ Այդ շրջանին էր նաեւ, որ Իսրայէլ կը կատարէր ցամաքային ներխուժում ու կը հասնէր մինչեւ Պէյրութի կեդրոնական շրջաններ։
Մինչ այդ, Եասէր Արաֆաթ իր հազարաւոր զինակիցներուն հետ կը ստիպուէր ծովային ճանապարհով հեռանալ դէպի Թունիզիա, այդպիսով ալ սկիզբ տալով ներ-լիբանանեան նոր պայքարներու, որոնք կ’աւարտէին շրջանային համաձայնութեամբ եւ բոլոր զինեալ միլիցներու զինաթափման որոշումով։
Վերադառնալով այսօրուայ վիճակին, ապա յստակ է, որն արդէն իր երկրորդ շաբաթը մտնող այս պատերազմը չի նմանիր անցեալի ռազմական գործողութիւններուն։
Իսրայէլ վճռած է ամէն գնով «կոտրել» «Հըզպալլա»-ի կամքը, որուն զինեալներն ալ պատրաստ են մինչեւ մահ դիմադրել։
Գրաւը անշուշտ կապուած է սահմանային գօտիին վրայ տեղի ունեցող ռազմերուն հետ, ուր երկու կողմերը՝ Իսրայէլի պաշտպանական բանակը եւ «Հըզպալլա»-ի զինեալները կը մղեն ծանր մարտեր։ Իսրայէլ կ’ունենայ կորուստներ, «Հըզպալլա» կը դիմադրէ ու միւս կողմէ ալ ցամաքային առաջընթացի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, Իսրայէլ թափ կու տայ Լիբանանի ամենատարբեր շրջանները հարուածելով, տարածելով մահ ու աւեր…։ Երկու շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ զոհուած են 2500-է աւելի խաղաղ բնակիչներ, մինչ տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, որ «Հըզպալլա»-ի զոհերուն թիւը անցած է 5000-ը։
Հակամարտող կողմերուն համար այս բոլորը մանրամասնութիւններ են ու կարեւորն այն է, թէ որ կողմը «պիտի ցաւի» ու այդ ցաւին արդիւնքով ալ լուրջ զիջումներ կատարէ յանուն «սպասուած» հրադադարի։
«Մտավախութիւն կայ, որ այս պատերազմը պիտի շարունակուի որովհետեւ երկու կողմանէ զիջում չկայ եւ հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած են, խելամիտ մարդիկ, պատասխանատուներ չկան, եւ ծայրայեղութեան կ’երթան, մանաւանդ երկու կողմերն ալ ակռայի դէմ ակռայ, աչքի դէմ աչք սկզբունքին վրայ են»,- այսպէս կը նկարագրէ ընդհանուր վիճակը իմ խօսակիցս՝ Համբիկ Թորոսեանը, որ միեւնոյն ժամանակ հայահոծ «Նոր Հաճըն» շրջանի բնակիչ է։
Ան նաեւ լուրջ մտավախութիւններ ունի, որ պատերազմը երկարի ու Իսրայէլի հարուածներէն զերծ չմնան նաեւ «Հայկական շրջաններ»-ը։
Այս առումով ալ ան կ’ըսէ «Արդեօ՞ք վաղը, մեր կարգն ալ պիտի գայ, որովհետեւ 24 ժամ «տրօն»ի ձայնը մեր ականջներուն դրացի եղած է, եւ ազդած է մարդոց հոգեբանութեան, եւ տրամադրութեան վրայ: «Տրօն»ի մշտական ներկայութիւնը վախի եւ սարսափի մէջ կը պահէ ժողովուրդը, որովհետեւ յանկարծ կրնայ այդ «տրօն»ը իր հրթիռները արձակել որոշ թիրախի մը վրայ, եւ անշուշտ մինչեւ հիմա, ինչ որ կը տեսնենք, յատուկ թիրախներ ընտրուած են, հետապնդուած, եւ անոնք են, որ կը ռմբակոծուին…։ Գալով լիբանանահայութեան, ապա կերպով մը ապահով ենք եւ յոյս ունինք, որ հայկական թաղամասերը կրնան թիրախ չդառնալ այդ «տրօններ»ուն, բայց միշտ այդ վախը եւ սոսկումը կայ իր սրտին եւ մտքին մէջ»։
Տարբեր փուլերու ընթացքին լիբանանահայութեան թիւը հասած է մինչեւ 250.000-ի։ Պէյրութը, իր տարբեր շրջաններով դարձած է, հայութեան կեդրոնական քաղաք…։ Նոյնը կարող ենք ըսել նաեւ քաղաքական ներկայացուցչութեան առումով, որովհետեւ ինչպէս միւս բոլոր տասնեօթ համայնքները հայութիւնը եւս ունեցած է որոշիչ դեր, մասնակից դարձած է երկրի քաղաքական գործընթացներուն ու նաեւ մասնակցած՝ Սէուտական Արաբիոյ հովանով յաջողութեան հասած «Թաէֆեան համաձայնագրի» խմբագրման։
Ուրեմն սոսկական ներկայութեան մը, սոսկ մշակութային կամ ընկերային կառոյցներու գործունէութեան մասին չէ խօսքը, այլ լիբանանահայութեան պարագային գործ ունինք քաղաքական բաղադրիչի մը հետ, որ միեւնոյն ժամանակ առանձնաշնորհման կը նմանի։ Ու թերեւս այդ յատուկ կարգավիճակն է, որուն համար լիբանանահայերէն շատ-շատերը վճռած են ապրիլ եւ իրենց կեանքը շարունակել Լիբանանի մէջ։
Շատ քիչ առիթներու կը խօսուի կամ դիտարկումներ կը հնչեն այն մասին, որ լիբանանահայութեան թիւը մշտական կերպով կը նուազի։ Երիտասարդութիւնը կը հեռանայ, համայնքի ներուժը կը խոցուի ու հայկական թաղամասերը կը դատարկուին։
Ի հարկէ այս բոլորը իրականութեան կը համապատասխանեն, եւ առաւելապէս հայկական գաղութի ղեկավարները (կրօնական թէ աշխարհիկ) շատ լաւ գիտեն, որ լիբանանահայ համայնքը առաջուան ներուժը չունի։ 2019 թուականին սկիզբ առած տնտեսական տագնապը սեւ ուրուականի մը նման կը հալածէ գաղութային արժէք ներկայցնող բոլոր տեսակի կառոյցները, որոնց մէջ կարեւոր տոկոս մը այսօր մարդուժի լուրջ տագնապի մը առջեւն է։
Ու այս բոլորէն անդին հիմնական հարցումը, որ լսելի կը դառնայ այսօրուան պատերազմի օրերուն այն է, որ ինչ պատկեր պիտի ստեղծուի վաղուան օրը, եթէ պատերազմը երկարի, հարաւէն դէպի Պէյրութի եւ լեռնալիբանանի շրջաններ հասնող փախստականները դառնան իսկական բեռ երկրին համար, եւ ապա տեղի ունենան ներ-համայնքային ներքին խլրտումներ։
Այս հարցադրումներու կողքին, թերեւս լիբանանահայ միջին խաւի անդամներուն աչքերուն մէջ կարելի է տեսնել Հայաստան ներգաղթելու հին-նոր երազը, որ որոշակիօրէն նահանջի ճանապարհը բռնեց այն օրերուն երբ տեղի ունեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը ու ըստ էութեան այդ նահանջը եւ Հայաստանէն հեռու մնալու մտասեւեռումը տակաւին մինչեւ օրս չէ փարատած։
Խորքին մէջ ե՛ւ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ալ լիբանանահայութեան ղեկավար մարմինները պատրաստ չեն իրար հետ խօսելու, պատրաստ չեն զիրար լսելու ու թերեւս երկու կողմերուն համար ներկայ փուլին լիբանանահայութեան ներգաղթի գաղափարն անգամ ձեռնտու չէ։
Հայրենադարձութեան թեման տապալած է՞ արդեօք, կամ թէ ընդհանրապէս միֆ է ու բեմերու վրայ ծամածռուող խօսակցութիւն։ Հարցումը էական է նաեւ այսօր, մանաւանդ որ Իրաքէն եւ Սուրիայէն ետք Հայաստանը ներկայ փուլին անգամ մը եւս կը կորսնցնէ նոր ներուժ մը «շահելու» եւ նոր հայրենադարձութեան ալիք մը ունենալու բաց հնարաւորութիւնը։
Լիբանանի արիւնող վէրքին կողքին, հայրեանդարձութեան մեծ ընկալումը այսօր եւս տապալումի իր հերթական շրջանը պիտի ապրի։
Դանդաղօրէն մեռնող սփիւռքի օրակարգով, ձեւականօրէն հայ ապրելու սին խօսքերով ու նոր եռանդ մը դարձեալ սպաննելու մռայլ վիճակով։
Սագօ Արեան