Միրզոյեան եւ Պայրամով համաձայնած են շարունակել ջանքերը խաղաղութեան պայմանագրի վերջնականացման եւ կնքման ուղղութեամբ

Սթամպուլի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները պայմանաւորուած են շարունակել ջանքերը խաղաղութեան պայմանագրի վերջնականացման եւ սեղմ ժամկէտերու մէջ կնքման ուղղութեամբ, ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։

Պաշտօնական Երեւանը վերջին շրջանին քանիցս պատրաստակամութիւն յայտնած է ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը արդէն համաձայնեցուած յօդուածներով, Պաքուն, սակայն, դէմ արտայայտուած է։

Արտաքին գործերու նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ չի նշուիր՝ արդեօք ասոր անդրադարձ եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ։

Նախարարները Սթամպուլի մէջ մասնակցեցան «3+3» խորհրդակցական հարթակի հանդիպման։ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը այստեղ եւս ներկայացուցած էր Պաքուի պահանջը Հայաստանին Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ։

Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ առաւելապէս շեշտադրած էր տարածաշրջանի ապաշրջափակման կարեւորութիւնը՝ բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգմամբ։

«Մենք Ատրպէյճանին առաջարկել ենք մեր երկաթուղային ենթակառուցուածքը վերագործարկելու, սահմանի հատման եւ մաքսային ընթացակարգերի պարզեցման եւ երկու երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիարժէք յարգմամբ անվտանգութեան որոշ լրացուցիչ մեխանիզմներ ապահովելու եղանակներ»,- նշած էր նախարար Միրզոյեան:

Հոկտեմբեր 7-8-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ոչ-պաշտօնական շփումներու ժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած էր, որ արտաքին գործերու նախարարները երկօրեայ հանդիպում ունենան, համաձայնեցնեն խաղաղութեան պայմանագրի չհամաձայնեցուած մէկ-երկու յօդուածները, ապա երկիրներու առաջնորդները նախքան Պաքուի մէջ կայանալիք COP-29-ը ստորագրեն պայմանագիրը:

Աւարտին յիշենք, որ COP29-ը՝ ՄԱԿ-ի կլիմայական համաժողովը, Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 11-22-ին։