Հաճիեւ. «Հայաստանը, որպէս միջազգային քրէական դատարանի անդամ, պէտք է հետաքննէ Գեանջայի հրթիռակոծումները»

Հայաստանը, որպէս միջազգային քրէական դատարանի անդամ, պէտք է հետաքննէ Գանձակի հրթիռակոծումները:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:

«17 Հոկտեմբեր 2020-ին, երկրորդ ամէնէն մահաբեր թեւաւոր հրթիռը արձակուած է Գեանջայի (Գանձակ) ուղղութեամբ: Հայաստանի կողմէ թեւաւոր հրթիռի կիրարկումով խաղաղ բնակչութեան սպանութիւնը պատահական գործողութիւն կամ կողմնակի վնաս չէր, այլ ահաբեկչութեան եւ սպանութեան կանխամտածուած քաղաքականութիւն», նշած է Հաճիեւ: