Պաքուի դատարանը մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար, աշխարհահռչակ գործարար, բարերար` Ռուբէն Վարդանեանի կալանաւորման դէմ բողոքը։
«Քննարկուած է Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու որոշման դէմ բողոքը։ Ռուբէն Վարդանեան գործին մասնակցած է իր փաստաբանին հետ։
Անոնք խնդրած են չեղարկել կալանքի որոշումը։ Դատարանը՝ Գատիմ Պապայեւի նախագահութեամբ, ուսումնասիրած է Ռուբէն Վարդանեանի դէմ յարուցուած քրէական գործին նիւթերը, ուսումնասիրած է դէպքի հանգամանքները եւ հրապարակած է վերջնական որոշումը։ Որոշումին հիման վրայ բողոքը մերժուած է որպէս անհիմն», յայտնած է աղբիւրը։
Աւարտին յիշենք, որ Ռուբէն Վարդանեան ԼՂՀ միւս ղեկավարներուն հետ Ատրպէյճանի գերութեան մէջ յայտնուած է անցեալ տարուան Սեպտեմբերին՝ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման ընթացքին։