Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ 45-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն

13 Դեկտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Գնման եւ Օծման 45-րդ Տարեդարձի տօնակատարութիւնը: Ս. Պատարագը մատուցեց Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան: Այս առիթով, ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր դպիր ձեռնադրուեցան՝ Մայքըլ Արապեան, Արմէն Պաճաքեան եւ Շիրազ Սվաճեան:

church burthday 4

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Ծխական Խորհուրդին եւ բարձր հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յավակիմեանի եւ Գանատայի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Պրն. Արմէն Եկանեանի:

Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ երկար տարիներու իրենց մատուցած անսակարկ ծառայութեան ի դիմաց, որպէս վարձատրութիւն եւ բարձր գնահատանք, Սրբազան Հայրը պատուեց Գանտահայոց Առաջնորդարանի բարձրագոյն շքանշանով՝ Դպրապետ Արա Թօշիկեանը, Պրն. Ժիրայր Տոլարը, Պրն. Նուրհան Ճանքուլն ու Տիկ. Ռաքէլ Տօղրամաճեանը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը:

church burthday 7

church burthday 10Նորին Վսեմութիւն Դեսպան՝ Արմէն Եկանեան պատուեց Տօքթ. Արշաւիր Կէօնճեանը, յայտարարելով թէ՛ ան կ’արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած Ոսկեայ Մետալին, իր մատուցած Գանատահայոց Համայնքի եւ Հայրենիքին ի խնդիր բազմամեայ եւ վաստակաւոր ծառայութեան համար: