Սիլվա Եուզպաշեան. «Եթէ հարցը Հայաստանէն երթալը ըլլայ ես նոյնիսկ վերջին լոյսը մարողը չեմ կրնար ըլլալ»

Զրուցեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արուեստագէտին համար չկայ առաւել գերագոյն պարգեւ, քան իր ժողովուրդի անկեղծ գնահատականը, սէրն ու ծափահարութիւնները: Այս ամէնուն լիաբուռն արժանացած եւ կ’արժանանայ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բեմերուն, ռատիոյով ու հեռուստատեսութեամբ հայ եւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծերու գործերը ասմունքող, բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Սիլվա Եուզպաշեան: Անոր յաջողութեան գաղտնիքը թերեւս առաջին հերթին իր վառվռուն կերպարն է, հետաքրքրական անհատականութիւնը` հոգիին մէջ միշտ բոցկլտացող հայրենասիրութեան ու հայրենասիրութեան կրակը, որոնցմով տասնամեակներ շարունակ Սիլվա Եուզպաշեան ապրած ու ապրեցուցած է իր հանդիսատեսը: Ան այն երջանիկներէն է, որ ոչ միայն ասմունքած է դասականներու գործերը, այլ նաեւ եղած է անոնց բարեկամը, սեղանակիցը, ճամբորդած անոնց  հետ, լսած անոնց հետաքրքրական պատմութիւնները, ականատեսն ու վկան եղած անոնց  յաջողութիւններուն, ձախորդութիւններուն ու դժուարութիւններուն. այս առումով Սիլվա Եուզպաշեան հոգեկից  եղած է անոնց: Ճանչցուած ու սիրուած ասմունքողին հետ զրուցելուս առիթը եղաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին մէջ Սոնա Վանի «Լիպրեթօ անապատի համար» գիրքի շնորհանդէսը:

–Սիրելի՛ Սիլվա, Դուք ոչ միայն մատուցած էք եւ կը մատուցէք մեծերու բանաստեղծութիւնները, այլ նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ շարունակաբար գրառումներ կ’ընէք մեր ճանչցուած գրողներու մասին, տեղադրելով Համօ Սահեանի, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Վահագն Դաւթեանի, Ուիլիամ Սարոյեանի եւ այլոց պատմութիւն ունեցող հրաշալի նկարներ, կը կազմակերպէք ռատիոհաղորդումներ, կ’ասմունքէք տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին  (Դուք նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան լաւագոյն բարեկամն էք եւ ձեռնարկներու աշխոյժ մասնակիցը), կը մեկնիք արտասահմանեան ուղեւորութիւններու. դժուար չէ՞ այս ամէնը ժամանակի առումով եւ յատկապէս, երբ այլեւս մեր կողքին չեն մեր մեծերը:

– Մեծերը ֆիզիկապէս չկան, բնականաբար բաց է անոնց տեղը, եւ այդ բացը լրացնելը դժուար է, սակայն անոնք կ’ապրին իրենց ձգած գործերով: Չկան անոնք, սակայն կայ նորին մեծութիւն բանաստեղծութիւնը: Մեր մեծերը իմ խոստովանահայրերն են: Ես տարիներ շարունակ սիրով ներկայացուցած եմ եւ կը շարունակեմ ներկայացնել դասական բանաստեղծութիւններու գործերը ու մշտապէս հետեւած եմ ժամանակակից բանաստեղծութեան` ներկայացնելով նաեւ ատոնցմէ լաւագոյնները: Ահա այսօր իմ կողքին է Սոնա Վանը` ժամանակակից ու շատ ինքնատիպ բանաստեղծուհի: Ըսեմ, որ ես շատ ալ կողմնակից չեմ «հանճարեղ, տաղանդաւոր» բնութագրումներուն, ինծի համար բանաստեղծը կամ կայ կամ ալ չկայ: Սոնան բանաստեղծ է, որուն ես նկատեցի դեռեւս 15 տարիներ առաջ, երբ հիւրընկալուած էի ամերիկահայութեան կողմէ: Այդ ժամանակ Սոնան յայտնի անյայտ էր եւ ունէր ընդամէնը մէկ փոքրիկ գրքոյկ, ըսեմ նաեւ, որ շատ անտարբեր էր ինքն իր տաղանդի նկատմամբ: Ես մտածեցի, որ գրելը անոր համար, ինչպէս շատերուն, ընդամէնը զբաղմունք է: Սոնան իր բանաստեղծութիւններէն  տրցակ մը տուաւ, որ բերի Երեւան եւ տեւական ժամանակ չէի նայած ալ ատոր: Օր մը որոշեցի նայիլ եւ… զարմացայ, հիացայ եւ նոյն օրն ալ տարի ռատիօ եւ ուղղակի ձեռագիրէն ալ ընթերցեցի հաղորդման ընթացքին: Սոնայի առումով իմ զգացողութիւնս անվրէպ էր. ան բացայայտուեցաւ Հայրենիքի գրասէրներու, հանդիսատեսներու եւ ունկնդիրներու կողմէ:

Ar. 28 Dec. (Silva)

– Փաստօրէն Դո՛ւք եղաք Սոնա Վանի բանաստեղծութիւններու բացայայտողը…։

– Սոնա Վանի բանաստեղծութիւններու բացայայտողը…։ Ի վերջոյ գրողին, բանաստեղծին բացայայտողը իր գիրն է… անշուշտ իմ յայտագիրին մէջ տեղ գտած շատ ստեղծագործութիւններ յայտնի դարձան…։ Այսօր Սոնան ճանչցուած ու սիրուած է ընթերցողին կողմէ:

– Ո՞ր գրողներու գործերը (արեւելահայ, արեւմտահայ թէ սփիւռքահայ) մինչ այժմ չէք կարդացած (ասմունքած):

-Ռատիոյի մէջ ես ունիմ հեղինակային հաղորդաշար` «Պոէզիայի ժամ» եւ կարդացած եմ գրեթէ բոլոր գրողներու գործերը` հաշուի չառնելով իմ նախասիրութիւններս: Մեր քաղաքին մէջ յաճախ կը կազմակերպուին բանաստեղծութեան երեկոներ, սակայն կը ցանկայի, որ յայտագիրին մէջ ըլլար Նարեկացի, Մեծարենց, Դանիէլ Վարուժան, միջնադարեան բանաստեղծութիւն: Բաւական է մէկ բանաստեղծ կուռքի վերածել եւ արդէն չեն յիշեր միւսները. կարծէք այստեղ ալ  չգրուած օրէնք մը կը գործէ, այսինքն շարունակ կը հնչեցնեն այն անունները (ի հարկէ արժանաւոր մեծերու), որոնք աւելի շատ  փող կը բերեն:

– Քանի՞ տարի է, որ բեմի վրայ  էք:

– Ես այդ մասին երբեւէ չեմ մտածած ու չեմ ալ յիշեր. 10, 15, 25… քանի՞ տարի  բեմի վրայ եմ: Կը նշեն չէ՞ շատերը…։ Ատիկա ինծի համար էական չէ: Չեմ ալ մտածած ասմունքող դառնալու մասին եւ չէի լսած, որ կայ այդպիսի մասնագիտութիւն, որուն միջոցով պիտի հանապազօրեայ հացս վաստակէի եւ անգամ  հռչակ պիտի բերէր: Սա այն արուեստն է, որուն ես «դատապարտուած եմ», սա անվերջանալի սէր է:

– Սիլվա՛, համամի՞տ էք  շարք մը յայտնի ու անյայտ մարդոց այն կարծիքներուն, թէ ասմունքելը ճիշդ չէ, թէ մարդը կրնայ նստիլ իր տունը ու կարդալ եւ եթերով ու բեմերէն  ասմունքելու կարիք չկայ: Ի՞նչ կ՛ըսէք:

– Դեռեւս վաղնջական ժամանակներու մէջ մենք ունեցած ենք ասացողներ, որոնք փանդիռները ուսերուն շրջած են գիւղերով, շէներով եւ մեր առասպելական պատմութիւններով հասարակ ժողովուրդին մէջ սերմանած սէր Հայրենիքի, պատմութեան եւ գեղեցկութեան հանդէպ, հայոց լեզուի անսահման գրաւչութեամբ առինքնած ունկնդիրին: Եթէ չըլլային անոնք, ապա մեր բանահիւսութեան շատ գոհարներ կը փոշիանային: Ասմունքողները գրաւոր խօսքի մունետիկներ են: Այսօր ասմունքեցի Սոնա Վանի գործերէն, որոնք մարդիկ չէին լսած, սկսան հետաքրքրուիլ, գիրքերը խնդրել Սոնայէն: Ասմունքողը մշտապէս կը յիշեցնէ գրողի գործերը. ոչ բոլորը կը սիրեն կարդալ, մեծ մասը այսօր կ’ունկնդրէ:

– Սիլվա՛, այսօր տեսակ մը մոտայիկ  դարձած է դերասանական արուեստանոցները, ասմունքի եւ այլ խումբեր բանալը: Յաճախ այդպիսի խումբեր կը ղեկավարեն իրենք զիրենք պատիւ տուած եւ այդ բնագաւառներուն մէջ ոչ երեւելի մասնագէտներ: Մէկ խօսքով գործարարութիւնը կը ծաղկի նաեւ այստեղ: Դուք ասմունքի բնագաւառին մէջ անշուշտ հաստատուած ու երեւելի էք, երբեւէ չէ՞ք մտածած ասմունքի խումբ ղեկավարելու, երախաներուն, պատանիներուն ու երիտասարդներուն սորվեցնելու մասին:

– Ճի՛շդ կ’ըսէք. շատերը սեփական արուեստանոցներ, խմբակներ կը բանան: Ինծի այդ առումով մարդիկ ծոյլ կը համարեն, բայց չէ՜, ես պարզապէս կ’ուզեմ, որ երախաները իրենց մանկութիւնը ապրին, պատանիներն ու երիտասարդները սորվին, շատ կարդան ու ճիշդ ընկալեն տուեալ բանաստեղծի գործերը: Ասմունքը հասունութիւն կը պահանջէ: Այսքան տարի բեմերու վրայ եւ եթերով ասմունքելով` անձնապէս չեմ ընդունիր տարիներ առաջ որոշ գործերու ասմունքս: Ըսենք` շատ աւելի վաղ տարիներուն ես Չարենցը ուրիշ կերպ կ’ընկալէի, յետագային` աւելի իմաստուն տարիքի մէջ, Չարենցը ինծի համար բոլորովին ուրիշ կերպ բացայայտուեցաւ ու դեռ պիտի բացայայտուի. մենք դեռ չենք հասած Չարենցին:

– Սիլվա՛, Դուք անշուշտ կրնայիք եւ կրնաք մշտապէս ապրիլ արտերկիր. գիտեմ, որ նաեւ շատ հրաւէրներ ունեցած էք. ինչպէ՞ս է, որ չէք գայթակղուած շատերու նման:

– Ես շատ  ճամբորդած եմ, եղած եմ շատ բեմերու վրայ, միայն 15 անգամ ԱՄՆի մէջ  հանդէս եկած եմ: Այո՛, եղած են եւ հրաւէրներ, սակայն ես իմ հողիս շատ կպած, ամուր կառչած մէկն եմ: Եթէ հարցը երթալ ըլլայ, ես նոյնիսկ վերջին լոյսը մարողը չեմ կրնար ըլլալ: Ես ընելիք չունիմ  որեւէ տեղ, ոչ ալ Ամերիկայի մէջ: Ատիկա ուրիշի երկիր է, սակայն չեմ ալ մեղադրեր գացողները, չեմ դատեր…։ Երթամ ու բեմերէն ինչպէ՞ս ըսեմ Սահեանի` «Ախր ես ինչպէս վեր կենամ գնամ…»: Իմ տունս, իմ տեղս այստեղ է` Հայաստանի մէջ: Ինչպէս  օր մը մեծն Ուիլիամ Սարոյեանը ըսաւ երախաներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ` «Դուք երբ ուսում առնէք, հնարաւորութիւն պիտի ունենաք աշխարհներ պտըտելու ու պիտի հասկնաք, որ ամէնէն անուշ տեղը աշխարհի վրայ Հայաստանն է, ձեր Հայրենիքը»:

– Յաճախ կը խօսինք եւ կը լսենք այն մասին, որ 70-ականներուն եւ մինչեւ 80-ականներու կէսերը մշակոյթն ու արուեստը ծաղկում ապրեցան, իսկ հիմա չկայ այդ մթնոլորտը: Այա մասին ի՞նչ կ՛ըսէք:

– Այդ ժամանակ կար պետական հոգածութիւն. գիրքերը կը տպագրուէին ոչ թէ 500 օրինակով, այլ 10.000-ով եւ աւելի, Նկարիչներու միութեան մէջ ցուցահանդէսներու հեղեղ էր, թատրոնն ու սինեման ամենաբարձր վարկանիշը ունէին, համերգասրահներու մէջ ասեղ նետելու տեղ չկար, եւ մատչելի էին նաեւ տոմսերու գիները: Այդ ժամանակ օդին մէջ կար հոգեղէնը, մթնոլորտը կը շնչէր բանաստեղծութեամբ, երաժշտութեամբ, արուեստի բոլոր արժէքները գնահատուած էին: Հիմա ալ երբ անցնիք մշակութային կեդրոններու մօտով, բազմաթիւ ազդագիրեր կը տեսնէք, սակայն չկայ բոցը, առաջուան կրակը, չկայ առաջուան մթնոլորտը:

– Սիրելի՛ Սիլվա, շարունակեցէք խնդրեմ` ի՞նչ կը զգաք Հայաստան ըսելով…։

-Հայաստանը ինծի համար լոկ աշխարհագրական տարածք չէ. ան խորհուրդներու, սրբութիւններու, առեղծուածներու, Աստուծոյ նախաստեղծ երկիրն է: Տէրեանական «Դառն ու անուշ» Հայրենիքն է, մեր ինքնութիւնն է, կենսագրութիւնը․․․։

– Աւարտենք մեր զրոյցը Ձեր սիրած բանաստեղծութիւններէն մէկուն տողերով:

Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին,

Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է եւ հին.

Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն,

Այնպէս նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն…

Բարբարոսներ շատ կը գան ու կ՛անցնեն անհետ,

Արքայական խօսքը մեր կը մնայ յաւէտ:

«Հայերն Այսօր»