Վերջին շաբաթներուն Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումները որոշակի «խաղաղութեան» մը մասին կը խօսին։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած (Կլիմայի հարցով՝ COP 29) ժողովը, ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները եւ Մերձաւոր Արեւելքի ու Ռուս-Ուքրանական պատերազմի վերջին դէպքերը կերպով մը շղարշ նետեցին Հարաւային Կովկասեան օրակարգին, հապա նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան ընդհանուր իրադրութեան մասին։
Ճիշդ է, որ երկու երկիրները սահմանազատումի վերաբերեալ պետական մակարդակի յանձանժողովներ ստեղծեցին ու կերպով մըն ալ այդ մարմիններուն որոշակի օրինականութիւն տուին, սակայն այդ բոլորէն անդին կան շատ աւելի «բարձր լարում»ի խնդիրներ, որոնց հարթեցման պարագային է միայն, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան լուրջ հանդիպում ունենալով իրար փոխանցեն համաձայնութիւններու վերջնական վաւերաթուղթ մը։
Ինչ խօսք, որ յատկապէս հայրենի հասարակութիւնը, ոչ մէկ «լուրջ» հաւատք կամ վստահութիւն կը տածէ հանդէպ ատրպէյճանեան կողմին, որուն ղեկավարներն ու յատկապէս բռնատէր Իլհամ Ալիեւը կը շարունակէ իր պատերազմական հռետորաբանութիւնը եւ իւրաքանչիւր «յարմար» առիթի սպառնալիքներու տարափով մը ողողել Ատրպէյճանի պետական կամ «կողմնակի» լրահոսը։
Ամէն պարագայի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ տարակարծութիւններէն անդին աւելի քան յստակ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կան լուրջ խնդիրներ, որոնց ամէնէն երեւելին ու կարեւորը Իրան-Ռուսիա տարակարծութիւնն է եւ այն կապուած է հայրենի Սիւնիքին։ Ու այս առումով սկսած է «բաց» եւ երեւելի դառնալ Ռուս-իրանեան անհամաձայնութիւնը։
Հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ Իրանցիք սկսած են շատ բուռն կերպով արձագանգել՝ ռուսներուն։
Իսկ այս առումով ուշագրաւ հրապարակում մը կատարած է իրանեան Tasnim լրատուական գործակալութիւնը, որուն հիմնական հատուածը կը ներկայացնեմ «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։
«Թասնիմ» կը գրէ՝
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պաքու կատարած այցելութենէն ետք ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն յաճախակի կրկնուող յայտարարութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան երթուղիին վերաբերեալ, կը պահանջեն Իրանի որոշ սկզբունքներուն յստակ շեշտադրումը:
ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով օրերս ըսած էր, որ Մոսկուան կողմ է «Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման, հաղորդակցութիւններու արգելափակման վերացման»: Ան նաեւ ըսած էր, որ «Սիւնիքի մարզի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը կը խոչընդոտէ ՀՀ ղեկավարութիւնը»:
ՌԴ ԱԳ նախարարի այս դիրքորոշումը ԶԼՄ-ներուն տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ շահարկումներու առիթ տուած է «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու Մոսկուայի ցանկութեան մասին։
Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն հետ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին բազմիցս յայտարարած են Թեհրանի այս միջանցքին, բացայայտ հակազդեցութեան մասին, որ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ կը բերէ սահմաններուն եւ տարածաշրջանին։
Ռուսիոյ այս տեսակ դիրքորոշման նկատմամբ զգայնութիւնը աւելիով սրուած է ՌԴ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ՝ Մարիա Զախարովայի վերջին յայտարարութիւններէն ետք։ Ան իր խօսքին մէջ ըսած էր, որ Զանգեզուրի երթուղին կրնայ Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանի հիմնական տարածքը կապել Նախիջեւանի, եւ երթուղիի ապաշրջափակման հարցը անպայման կը քննարկուի Հայաստանի հետ եռակողմ խաղաղ բանակցութիւններու շրջանակներու մէջ։ Պատասխանելով Իրանի դիրքորոշման վերաբերող հարցին՝ Զախարովան լրագրողներուն ըսած էր. «Մենք տեսած ենք Իրանի մտահոգութիւնը «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ, հետեւաբար պարզաբանումներու համար պէտք է դիմել Թեհրանին։ Բայց Մոսկուայի դիրքորոշումը այս հարցով միանգամայն յստակ է։ Մենք կ’աշխատինք՝ այն վստահութեամբ, որ լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի դրացի երկիրներուն համար»։
«Վերջին քննարկումներէն ետք Իրան դիւանագիտական միջոցներու ձեռնարկած է ռուսական կողմին անհրաժեշտ պատգամը փոխանցելու համար, իսկ արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Եւրասիոյ հարցերու ընդհանուր տնօրէն՝ Մոճթապա Սէմիրճիլուն Թեհրանի մէջ ՌԴ դեսպանին (Ալէքսէյ Տէտովին) նախարարութիւն կանչած է։
Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, ՌԴ-ի Իրանի դեսպանը նոյնպէս յայտարարած է Թեհրանի բողոքին մասին՝ ընդդէմ ՌԴ արտգործնախարարութեան դիրքորոշումներուն։
Ռուսիոյ իշխանութիւններուն հարկ է յիշեցնել մի քանի կէտ.
Նախ՝ ՌԴ ԱԳՆ-ն յայտարարութիւններ ըրաւ, որոնք կը հակասէին Իրանի ակնկալութիւններուն: Ռուսերը մեր երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն միջոցով եւ բազմաթիւ առիթներով բաւարար տեղեկութիւն ստացած են Իրանի յստակ եւ ճիշդ դիրքորոշման մասին, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ է այս տեսակի միջանցքի մը, ըլլայ Զանգեզուր, թէ ուրիշ տեղ, որ կը կապէ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին: Հետեւաբար ռուսական մօտեցումը անակնկալի բերող եւ ապշեցնող է:
Իրան անվտանգութեան տեսակէտէն որեւէ փոփոխութիւն չընդունիր իր սահմաններուն շուրջ: Չկայ այնպիսի օրէնք, ըստ որուն՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներէն որեւէ մէկուն անվտանգութիւնն ու աշխարհաքաղաքական դիրքը օգուտ մը չապահովեր միւսներէն աւելի: Ուրեմն ինչո՞ւ մեր ռուս ընկերները կը կարծեն, որ պէտք է օգտագործեն «Զանգեզուրի միջանցք»ը Հայաստանի հետ իրենց խնդիրները լուծելու համար։ Կը թուի, թէ ՌԴ ԱԳՆ-ն խաբկանքի մէջ է եւ կը կարծէ, որ իրեն ձեռնտու է լուծել Հայաստանի հետ իր խնդիրը՝ օգտագործելով երեւակայական «Զանգեզուրի միջանցք»ը, որ, ի հարկէ, չպիտի կառուցուի Իրանի հակազդեցութեան շնորհիւ: «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը կը նշանակէ դէպի Եւրոպա Իրանի դարպասներէն մէկուն փակումը եւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւններու դրացի երկիրներուն թիւը նուազեցնելու 15-էն 14-ի ։
Հաշուի առնելով «ռազմավարական յարաբերութիւններ»ու հայեցակարգը, որուն կը ձգտին Իրան եւ Ռուսիա, նման մարտավարական քայլերու ձեռնարկել կը հակասէ ռազմավարական յարաբերութիւններու սկզբունքներուն… եթէ որեւէ երկիր կը կարծէ, որ կրնայ իր խնդիրները լուծել իր սահմաններէն դուրս՝ ուրիշներու համար բանալով հակամարտութիւններու նոր ճակատ, ապա աշխարհի մէջ ոչ մէկ տեղ ապահով չէ, եւ աշխարհը կը մնայ մշտական քաոսի մէջ»:
Սագօ Արեան