«Իբրեւ տեսին զաստղն,
Խնդացին յոյժ յուրախութիւն մեծ»:
(Մատթ. Բ. 10)
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ.
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի.
Մեզ եւ Ձեզ Մեծ Աւետիս.
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ
Գանատահայոց Տիրախնամ Թեմի
Վերստին Ամանորը եւ յաջորդող Ս. Ծննդեան տօնը կը բերեն մեզ դարաւոր բայց երբեք չհինցող ու անսպառ յաւերժական ճշմարտութեան առջեւ, թէ պատմութեան մէջ երջանիկ օր մը, լուռ ու խաղաղ գիշեր մը Աստուածութիւնը «ընդ մեզ» եկաւ նաեւ մարմնապէս:
2015 թուականն ալ անցաւ յաւերժական անհունի գիրկը եւ մարդկութիւնը մէկ անգամ եւս սրտատրոփ յոյսով ու հաւատքով լի կանգնած է Նոր Տարուայ շեմին:
Արդարեւ միասիրտ ու միախորհուրդ դիմաւորենք անգամ մը եւս մեծ եւ սքանչելի աւետիսը մեր Փրկչի՝ Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան, այն հաստատուն հաւատքով թէ ամէն տարի մեզ բաշխուող այս աւետիսը կարող է օգնել մեզ հանելու մեր հին զգեստները եւ դառնալու նոր մարդեր, ինչպէս կը պատուիրէ առաքեալը «զգալ զնոր մարդն որ ըստ Աստուծոյն հաստատեալ է…» (Եփես. Դ 24):
Ոչ թէ ժամանակի փոփոխութիւն այլ մարդու փոփոխութիւն ժամանակի մէջ, ահա այս է նոր տարուան հիմնական հարցը:
Փոխանցենք իրարու սիրելիներ հրեշտակէն տրուած Մեծ Աւետիսը՝
«Որ եղեւ վասն ամենայն ժողովրդեանն»
«Զի ծնաւ մեզ այսօր Փրկիչ»:
Օրհնենք զԱյն սիրով եւ սրտով «Զի վասն մեր մարմնացաւ»:
Սուրբ ու երջանիկ այս առիթով կը մաղթենք, որ խաղաղութեան ու արդարութեան արեգակի շողերը իջնան առատօրէն աշխարհի եւ մարդոց վրայ, որպէսզի աճի հոգիներու մէջ բարի կամեցողութիւնը եւ մարդիկ ու ազգեր սորվին զիրար հասկնալ, զիրար յարգել ու գնահատել եղբայրաբար:
Ս. Ծնունդով առաւել իմաստաւորուած Նոր Տարին դիմաւորենք աղօթքով եւ բարի գործերու կատարումով:
Այս առիթով մեր սրտագին ու կենարար աւետիսը կը բերենք Գանատահայոց Եկեղեցական Դասուն, Թեմական ու Ծխական Խորհուրդներու պատուարժան անդամներուն, Տիկնանց Յանձնախումբերուն ու Դպրաց Դասերուն, Աստուածասէր ու ազգանուէր բարերարներուն, ազգային, բարեգործական, կրթական ու մշակութային միութիւններու, հաստատութիւններու անդամներուն մաղթելով Տիրոջ առատ օրհնութիւններն ու շնորհները անձնական ու հասարակական կեանքի մէջ:
Օրհնեալ ըլլաք դուք եւ թող Ձեր ընտանեկան հարկերը հաւէտ լեցուին մանուկ Յիսուսի ծննդեան երանաւետ աւետիսով:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝
Աբգար Եպս. Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի