Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) կը շարունակէ Հայաստանին համարել դաշնակից՝ հակառակ Երեւանի չմասնակցութեան՝ սոյն կառոյցի միջոցառումներուն։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ՌԻԱ Նովոստին՝ վկայակոչելով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար՝ Իմանղալի Թասմաղամբետովին։
«Ինչպէս գիտենք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադրեցուցած է աշխատանքը կազմակերպութեան մէջ, եւ այդ կ’արտացոլէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ներկայիս դիրքորոշումը ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ: Բայց պէտք է անմիջապէս ընդգծեմ, որ սա անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան որոշումն է, որու վրայ ոչ ոք չի կրնար ազդել։ Սակայն մենք կը կարծենք, որ Հայաստանը եղած է, կայ ու կը մնայ մեր դաշնակիցը», – նշած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը՝ յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային Հայաստանը կը վերադառնայ կազմակերպութեան լիարժեք մասնակցութեանը։
Անոր խօսքով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպման հարցին Հայաստանի դիրքորոշումը քննարկուած է նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի նիստի ընթացքին։