ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՍԷՐ ՄԻԱԽԱՌՆՈՒԱԾ՝ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Պայծիկ Գալայճեան

Աւելի քան կէս դարեայ պատմութեան խորքէն մեզի հասած, Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր քաջածանօթ գործունէութեամբ եւ անոր սրտագին ու կենդանի կապը Մայր Աթոռին հետ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ուշադրութեան կեդրոնը եղած է միշտ: «Ծառն իր արմատով է ծառ, տունն հիմամբ է տուն»: Մեր այս միասնութեան խորհուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ արտայայտուած է եւ մինչեւ օրս ալ կ’արտայայտուի Մայր Աթոռի  փոխ-յարաբերութեամբ:

Այս բոլորէն կը բխի 55 ամեայ փոխադարձ կապի պահպանումը Մայր Աթոռի եւ Համախմբումին միջեւ: Գոհունակութեամբ պէտք է նշել այն իրողութիւնը, որ Սփիւռքի մեր հայրենասէր ու Էջմիածնասէր հարազատները ըստ ամենայնի իւրացուցած են եկեղեցական եւ ազգային միասնութեան սրբազան պատգամը: Ահա թէ ինչու Վազգէն Ա. Հոգելոյս Վեհափառը իր սրբատառ կոնդակներուն ընդմէջէն միշտ կը թելադրէր՝ հեռու պահել Հայաստանեայց եկեղեցին քաղաքական գործունէութենէն, հաւատարիմ ըլլալ եւ հաւատարիմ մնալ օտար երկիրներու իրաւակարգին հանդէպ. «Քաղաքական հաւատարմութիւն՝ հիւրընկալ երկիրներուն հանդէպ եւ եղբայրական համերաշխութիւն՝ համակից ժողովուրդներուն հանդէպ»:

Ի մտի ունենալով, որ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի երկունքն ու ծնունդը եղած ըլլալով ասպնջական մայրիներու երկրին մէջ, 55 ամեայ կտակ մըն է որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ ամէն տարի համախմբումի ազնուական տիկինները իրենց շուրջ կը համախմբեն հաւատաւոր հետեւորդները որոնք անգամ մը եւս առիթ կ’ունենան Սբ. Էջմիածնով ոգեշնչուելու եւ իրենց ազգային ու հոգեւոր ուխտը վերանորոգելու:

Արդարեւ, այս տարուայ հանդիսութիւնը ոգեկոչումն էր Համախմբումին 55 ամեայ գործունէութեան, հովանաւորութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տէր Յովնան Եպս. Յակոբեանի: Կիրակի, 29 Նոյեմբերին, Լա Մարինայի ծովահայեաց սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Կոմիտաս վարդապետի «Մաղթերգ Հայրապետական»ով, կատարողութեամբ տաղանդաւոր երգչուհի Անայիս Կէտիկեանի, որուն ձայնակցեցան բոլորը, յոտնկայս:

55 ամեայ տօնակատարութեան հանդիսութիւնը իր ողջոյնի խօսքով բացուած յայտարարեց բազմամեայ ժրաջան փոխ ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Տանձիկեանը, որ ոգի ի բռին խոր հաւատքով փարած է Համախմբումի գործունէութեան: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Համախմբումի տիկիններուն հաւատաւոր անդամակցութիւնն ու գործունէութիւնը: «Ցնծութեան օր մը կ՛ապրինք այսօր, Ս․ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի մեծ ընտանիքը կը տօնէ իր 55 ամեակը․ Բոլորին սրտերը և հոգիները  ուրախ են այսօր , 55 տարուայ բեղուն գործունէութիւն մը կատարած ենք որ պիտի տօնենք այսօր ու պիտի շարունակենք մեր քայլերը հաստատ կերպով մեր հաւատքը ու նուիրումը ընծայելու մեր կրօնքին մեր հայրենասիրութեան և հանդէպ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի»:

Յայտագրի առաջին բաժնով խօսք առաւ Համախմբումին ազնուափայլ  ատենապետուհի Միմի Յարութիւնեանը, որ իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց 55 ամեայ երթը Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին: «Չորս հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ եւ  մի քանի քաջարի տիկիններու հաւաքական կամքին շնորհիւ է որ ծնունդ առաւ Համախմբումը, որ կոչուած էր ծառայելու հաւատքի եւ լոյսի Գերագոյն Կեդրոն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի: Հաւատքով եւ համոզումով սկսուած գործը կը շարունակուի նոյն սկզբունքներով մինչեւ օրս»:

2

Խորհրդաւոր ու հոգեպարար մթնոլորտ մը կը տիրէր Հանդիսասրահին մէջ, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի Մայր Աթոռէն յղած (Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատանաց»ը ընթերցուեցաւ հանդիսաւորութեամբ Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան: Վեհափառ Տէրը իր գիրով կ’ողջունէր Համախմբումին 55 ամեակը եւ կ’օրհնէր բոլոր անդամները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան սոյն Համախմբումին հիմնադրութեան եւ ապահովեցին գոյերթը անոր:

Օրուան հանդիսավար Տիկ. Անահիտ Տանձիկեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Տէր Յովնան Եպս. Յակոբեանը, որ ծնած էր Գիւմրի եկեղեցասէր ընտանեկան յարկին տակ:  2003-ին, աւարտելէ ետք Հոգեւոր Ճեմարանը, իր ասուածաբանական ուսումը կը շարունակէ Գերմանիոյ, Շուէտի եւ Ամերիկայի համալսարաններու մէջ: 2011-ին կը սանձնէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնը եւ ապա նոյն տարոյն ընթացքին Գարեգին Բ. Վեհափառի ձեռամբ կը ձեռնադրուի եւ կ’օծուի որպէս Եպիսկոպոս: «Աւելի քան կէս դար Դուք ապրում ու գործում էք Աստուածակառոյց Սուրբ Էջմիածնի յաւէտ պայծառութեանը վաստակ բերելու անկեղծ նուիրումով: Տասնեակ տարիներ ճանաչելով Ձեզ եւ ի մօտոյ ծանօթ լինելով Ձեր իրագործումներին, Մենք գոհունակ սրտով փառք ենք մատուցում Բարձրեալն Աստծուն Ձեր հաւատքի ու եկեղեցասիրութեան համար:»

Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումն իր Աստուածահաճոյ գործունէութեամբ կերտել էք յիշարժան, լուսաւոր պատմութիւն: Տակաւին երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետի գահակալութեան տարիներին Համախմբումին շուրջ միաւորուած հայուհիներդ հաւատաւոր ընթացքով ու անսահման նուիրուածութեամբ աջակից էք մեր եկեղեցու եւ Ս. Էջմիածնի առաքելութեանը: Հակառակ ժամանակի բոլոր դժուարութիւնների ու խնդիրների, դուք անյաղթ պահեցիք Ձեր էջմիածնասիրութիւնը եւ Ձեր օրինակով եկեղեցանուէր ծառայութեամբ քաջալերեցիք շատերին:

Յիշարժան յոբելեանի առիթով Հայրապետական Մեր սէրն ու բարձր գնահատանքն ենք յղում կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի պատուարժան անդամուհիներիդ: Միածնի իջման Սուրբ սեղանի առջեւ աղօթում ենք առ Աստուած, որ հանապազ հովանի եւ պահապան լինի Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքներին՝ պարգեւելով քաջառողջութիւն, գործոց յաջողութիւններ եւ երկնապարգեւ ամենայն բարիք»:

Համայն աշխարհի մարդկութեան ստուար մեծամասնութիւնը խաղաղութիւն կ’աղաղակէ, իսկ վերջին տարիներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի ժողովուրդի աղօթքները առ Աստուած միայն խաղաղութիւն կ’աղերսէ, որովհետեւ ճաշակած է պատերազմի չարիքները, ըմպած է պատերազմի դառնութեան բաժակը: Եւ մենք՝ ազգովին, որպէս առաջին քրիստոնեայ  ժողովուրդ, մեր պատմութեան ընթացքին շատ թանկ վճարած ենք խաղաղութեան համար, շատ աղօթած ու պայքարած խաղաղութեան համար: Ցնորք չէ եղած մեր ժողովուրդի ու եկեղեցիի մեծ վիշտը, անարեւ կեանքն ու անխաղաղ գոյութիւնը: Դարեր շարունակ տառապած ենք խաղաղութիւն ձեռք ձգելու համար: Այսօր, աւելի քան երբեք, մանաւանդ մեր երկիրը, մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդը կարիքը ունին խաղաղութեան:

Այնուհետեւ յոտնկայս ունկնդրուեցաւ Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի. «Եկեղեցւոյ պայծառութեան նպասատել կը նշանակէ մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան: Հայ եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեւոր մայրն է դարձած. Անոր հոգեւոր սնունդով սնած ու կազմաւորուած են մեր ժողովուրդի զաւակները: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուիլ ու անոր ծառայելը հայուն համար դարձած է նուիրական ու առաջնահերթ պարտաւորութիւն:» Հոգեպարար սոյն պատգամը «Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատանաց»-ին ընդմէջէն  ներկաներուն փոխանձեց Տ. Նորայր Եպս. Աշքեան:

Իր հայրական բարձր գնահատանքը կը յայտնէր Արամ Ա. Վեհափառը Համախմբումի անդամներուն. «Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Համախմբումը տարիներ շարունակ ծառայեց ու վերանորոգ հաւատքով կը շարունակէ ծառայել Սբ. Էջմիածնին՝ անոր առաքելութեան բերելով իր կարեւոր ներդրումը: Ս. Էջմիածինը մեր ժողովուրդի առաջին եկեղեցին դարձաւ: Մեր ժողովուրդին համար Սբ. Էջմիածինը, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հայրենի հողին վրայ 301 թուին բարձրացած Միածնաէջ Տաճարը, դարձաւ սրբավայր եւ խորհրդանիշ մեր քրիստոնէական հաւատքի ամրութեան եւ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին միասնականութեան»:

Օրուան պատգամաբերը՝ Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, որ յատկապէս Հայրենիքէն այս հանդիսութեան հրաւիրուած էր, իր սրտի խօսքով խանդավառ ու գօտեպնդիչ ելոյթ մը ունեցաւ: Ան իր հայեացքները սեւեռելով Համախմբումի ծննդոցին, յայտնեց՝ 20րդ դարու կիսուն, Լիբանանի մէջ ծածուկ ու գաղտագողի կը ծրագրուէր Հայկական հոծ գաղթօճախը ամէն գնով հեռու պահելու իր հաւատքի կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն եւ Հայրենիքէն: Սառ պատերազմի օրերուն որդեգրուած քաղաքականութիւն մը, կու գար թակելու դռները հայութեան, որ ապաստան գտած էր հիւրընկալ Լիբանանի մէջ:

«1958-ին, եղբայրասպան գործողութիւններէն մէկ տարի անց, երբ աւերը գործեր էր Լիբանանի մէջ, հայրենասէրն ու Էջմիածնասէրը կը համարուէր համայնավար (կոմունիստ) եւ կը հալածուէր՝ վտանգելով իր կեանքը, ահա խումբ մը ազնուափայլ տիկիններ, հետեւելով Վարդանանց «Տիկնայք փափկասունք»ին, անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ, իրենց քաջարի գործունէութեամբ կը յայտարարէին ծնունդը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին»:

Արժեւորելով Համախմբումին ծաւալած 55 ամեայ գործունէութիւնը Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան եզրակացուց՝ «Մենք կրնանք վկայել, թէ անցեալ 25 տարիներու ընթացքին, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ ամէնուրեք, Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը ինչպիսի խանդավառութեամբ եւ ջանասիրութեամբ, իրենց աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ բազմաթիւ եկեղեցական զգեստներ առաքեցին Հայրենիքի տարբեր շրջաններ եւ թեմեր: Այսօր, ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ջաւախքի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դուք կը հանդիպիք անոնց»:

 

Գեղարուեստական  յայտագրով ելոյթ ունեցաւ հոգեւոր եւ ազգային երգերու գաղութիս  լաւագոյն մեկնաբաններէն՝ Անայիս Նանէճեան Կէտիկեանը, որ իր հմայիչ ձայնով  մեկնաբանեց «Հաւուն Հաւուն» եւ «Կրունկներ» երգերը: Յետ գեղարուեստական  յայտագրին տեղի ունեցաւ Համախմբումի անդամներուն պարգեւատրումներն ու  շքանշաններու տուուչութիւնը: Յուշանուէրներ կը ստանային բոլոր անոնք, որոնք  անադամակցած էին Համախմբումին աւելի քան 10, 20, 30 եւ 40 տարիներէ ի վեր:

Յուշանուէրներ ստացան իրեն տասնամեայ գործունէութեան համար, Աբգարեան  Երանուհի, Ազարեան Վերա, Արթինեան Սիլվա, Աբրահամեան Վերժին, Գէորգեան Նորա,  Նաճարեան Մարի, Ումուտեան Անի, Սեմերճեան Էլիզապէթ, Փարթամեան Հուրի, Փանոսեան Աղաւնի, Փանոսեան Շաքէ, Փոլատեան Արուսեակ, Աբգարեան Թալին,  Տանձիկեան Միրէյ, Փանոսեան Լոռի, Վանլեան Լենա: 20 ամեայ անդամակութեան  համար՝ Այանեան Ճէյն, Ֆարաճեան Ալին, Եաղճեան Ալիս: 30 ամեայ անդամակցութեան  համար՝ Ասիլեան Ժանէթ, Թիւթիւնճեան Ալին, Տեմիրճեան Վարդուհի, Զաւզաւաթճեան  Սոնիա, Մարտիրեան Վարդուկ: 40 ամեայ անդամակցութեան համար՝ Արսլանեան  Մարի, Մանկասարեան Սիլվա, Քիւբէեան Անժէլ, Յարութիւնեան Միմի, Սիմոնեան Ազատուհի:

Իրենց 55 ամեայ քաջարի ծառայութեան առիթով Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը արծաթեայ ափսէ յուշանուէրով մը պարգեւարեց Տիկիններ Խաչատուրեան Գոհարն ու Շաքլեան Շաքէն: Այս առթիւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ  իւրայատուկ պարգեւատրումի արժանացաւ Տիկ. Գոհար Խաչատուրեան, ազգային ու մշակութային կեանքին մէջ իր ունեցած իւրայատուկ ներդրումին համար:

Մինչ ճաշի սպասարկութիւնը տեղի կ’ունենար, Համախմբումի վարչականուհիները ներկաներուն կը ցրուէին Ս. Էջմիածնի մէջ կայացած Միւռոնօրհնէքի տեսաերիզները, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի  Գ․Հատորը, ուր համադրուած են վերջին քսան տարիներու գործունէութեան վկայութիւններ, հիւր բանախօսներու ուղերձներ, սրտի խօսքեր եւ մամուլի արձագանգներ: Հատորին կազմութիւնն ու խմբագրութիւնը ստանձնած էր Անահիտ Տանձիկեան:

Գերաշնորհ Տ. Նորայր Եպս. Աշքեանի պահպանիչ աղօթքէն ետք, ներկաները հոգեպէս յագուրդ ստանալով օրուան հոգեպարար երեւոյթէն, մեկնեցան սրահէն իրենց երախտագիտական զգացումները փոխանցելով Համախմբումի իւրաքանչիւր վարչականուհիի, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրած էին յաջողցնելու համար սոյն ձեռնարկը:

Եզրակացնելով Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի 55 ամեայ գործունէութիւնը, խորապէս կը հաւատանք, թէ ան ջատագովն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ու ազգային միասնութեան գաղափարին: Մեր յետադարձ հայեացքները սեւեռելով Համախմբումին  55 ամեայ երթին, կը գիտակցինք, թէ անոր անփոխարինելի առաքելութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ոչ միայն կենսական է, այլեւ անհրաժեշտութիւն յանուն Մայր Հայրենիքի, մեր Սուրբ եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին: