«Պատերազմ է, ոչ զինդադարի խախտում» կը շեշտէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Խօսնակը

Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննէսեան, յայտարարեց թէ Մայիս 1994-ին հաստատուած զինադադարը այլեւս գոյութիւն չունի, Ատրպէյճանի կողմէ այդ զինադադարի տեւական խախտումներու հետեւանքով: Խօսքը ուղղելով լրագրողներուն, Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակը ըսաւ, «Կը խնդրեմ որ դուք եւս օգտագործէք «պատերազմ» բառը եւ ոչ «զինադադարի խախտումներ» եզրը:

Վերջին շաբաթներու ընթացքին, Ատրպէյճանը աւելցուցած է ծանր հրետանիներով եւ նոյնիսկ առաջին անգամ ըլլալով, հրասայլով իր յարձակումները Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ: Միայն անցեալ շաբթուան ընթացքին մահացան չորս հայ բանակայիններ եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ: Ըստ Յովհաննէսեանի, 2015 տարուան ընթացքին սպաննուած են շուրջ 210 Ատրպէյճանցի զինուորներ, թէեւ Ատրպէյճան միշտ կը նուազեցնէ իր զոհերու թիւը: Յովհաննէսեան Ատրպէյճանի ռազմավարութիւնը որակեց «յուսահատական քայլ» մը, երբ անոնք ստիպուեցան հրասայլով եւ Հաուիցըրով կրակել մեր դիրքերուն, որովհետեւ չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակին:

Օր մը առաջ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգիսեան, որպէս նորանշանակ ատենապետը Հաւաքական Ապահովութեան Դաշինքի Կազմակերպութեան (CSTO), մեղադրեց նոյն կազմակերպութեան իր դաշնակիցները, որոնք լքեցին Ղարաբաղը, որ համազօր է այդ կազմակերպութեան առաքելութեան ձախողումին:   Նախագահ Սարգիսեան նկատել տուաւ որ Հայաստանի դէմ որեւէ յարձակում կը նշանակէ յարձակում  CSTO-ի անդամ երկիրներու դէմ: