ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 20-21ի գիշերը, ղարաբաղեան եւ ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն ընթացքին, հակառակորդը հայկական կողմին ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1700 կրակոց՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս՝ զանազան տիպի ականանետերէ, նռնականետերէ եւ «TR-107» տիպի հրթիռային կայանքէ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հակառակորդը շփման գիծի հարաւային (Հադրութի) ուղղութեամբ գործածած է նաեւ 122 միլիմեթրանոց «D-30» հրանօթ:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը, հակառակորդին սադրիչ քայլերը ճնշելու համար դիմած են եւ տակաւին կը շարունակեն ձեռնարկել պատժիչ գործողութիւններու։