ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 80-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Ի ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԿԻՍԱԴԱՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒՈՒԻՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼՈՎ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ
Դեկտեմբեր 19-ին, Գանատահայոց Առաջնորդարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ, Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի տօներու առիթով Առաջնորդի տարեկան հիւրասիրութիւնը որուն ներկայ էին Թեմական, Ծխական եւ գաղութի տարբեր կազմակերպութեանց ու գործօն ազգայիններու կարեւոր թիւ մը:
Այդ առիթով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ յատուկ պատիւի արժանացան կարգ մը ազգայիններ: Յատուկ կերպով պատուի արժանացաւ Գանատահայ եւ Սփիւռքահայ ծանօթ ազգային Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որ վերջերս նշեց իր ծննդեան 80-րդ տարեդարձը:
Դոկտ. Կէօնճեան քաջածանօթ է գանատահայութեան ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի տարածքին աւելի քան կէս դարուայ վրայ տարածուած իր եզակի բազմերանգ ազգային եկեղեցական ծառայութեանց եւ իրագործումներուն կապակցութեամբ: Այս առիթով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը զինք պատուած էր իր ոսկէ մետալով, իսկ Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ կաթողիկոսը յղած էր իր Օրհնութեան Գիրը:
Տեղին է յիշել այստեղ թէ տարիներու ընթացքին Դոկտ. Կէօնճեան արժանացած է ազգային բազմաթիւ բարձր գնահատականներու եւ պարգեւատրութեանց, իբրեւ արդիւնք իր բազմաթիւ եւ տարածուն ծառայութեանց եւ իրագործումներուն ի նպաստ Հայ. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հ.Բ.Ը.Մ.-եան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց:
Դոկտ. Կէօնճեանին, անցեալին կատարուած գնահատական պարգեւատրութեանց կարգին կ’արժէ յիշել՝
-1978-ին Մոնթրէալի նորակառոյց Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանի հանդիսասրահ-մարզասրահի անուանումը, «Արշաւիր եւ Նատիան Կէօնճեան սրահ», նոյն ինքն հանգուցեալ Հ.Բ.Ը.Մ-ի ցկեանս նախագահ՝ Ալեք Մանուկեանի կողմէ որպէս բարձր գնահատանք վարժարանի յղացման, հիմնադրութեան եւ իրականացման բացառիկ գործին:
-1981-ին Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը շնորհուած հոգելոյս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ.
-1985-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը նոյնպէս շնորհուած հոգելոյս Վազգէն Ա. Հայրապետին կողմէ.
-1993-ին ան կը կոչուի «Գանատահայոց Թեմական Խորհուրդի Պատուոյ Ատենապետ» օրուայ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ Թեմական Խորհուրդին որոշումով, որպէս Գանատայի նորաստեղծ Առաջնորդութեան գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ Անդրանիկ Թեմական Խորհուրդի երկարամեայ Ատենապետ:
-2009-ին, Հայաստանի ԹՄՄ-եան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշան, որպէս Հայաստանի «Ազգ» թերթի յղացող, հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ որպէս Ռ.Ա.Կ.եան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իր կատարած կազմակերպական առաջնորդող գործունէութեան համար:
-2011-ին, կը կոչուի «Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան վաստակաւոր անդամ» (Emeritus) աւելի քան երեք տասնամեակներ ծառայելէ ետք որպէս Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ վերջին շրջանի Միութեան իբրեւ Փոխ-Նախագահ:
-2012-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին (Հ.Հ.Հ) կողմէ կը ստանայ «Ազգին Նուիրեալ» (True Patriot) ոսկէ մետալը: Դոկտ. Կէօնճեան 1992-ին, ՀՀ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաւէրով անդամներէն մէկը նշանակուած էր Հ.Հ.Հ-ի հիմնադիր Խորհուրդին:
Կը շնորհաւորենք Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, իր կողակիցը Նատիան եւ զաւակներ՝ Անոյշը եւ Լորին, այս նոր պարգեւատրման առիթով: Դոկտորին կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկար կեանք:
«Ապագայ»