Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները – ԱՆԴՐԱՆԻԿ Մ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Պէյլան, Մայիս 30, 1931 – Վալանս, Դեկտեմբեր 25, 2015

 

Անդրանիկ ծնած է Մայիս 30, 1931ին, Պէյլան գիւղաքաղաքին մէջ (Սանճաք նահանգ, այժմ` Թուրքիա) հասան պէյլցի (Ամանոս) ծանօթ ազգային Մատթէոս աղա Քէշիշեանի յարկին տակ։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։

Իր ծնողքը, որոնք հիմնադիրը եղած են Պէյլանի եւ շրջակայքի ՀԲԸՄի մասնաճիւղերուն, ծնած օրէն իսկ Միութեան անդամ արձանագրած են զինք։ Սանճաքի պարպումով, Պէյրութ հաստատուելէն ետք, 1941ին, շարունակած է իր անդամակցութիւնը եւ 1956ին ստացած է վեթերանի վկայականը։

Պատանի հասակէն մասնակցած է միութենական գործունէութեանց։  Շրջան մը գործած է Լիբանանահայ Վերածնունդ Միութեան մէջ։  1947ին հիմնած է այս միութեան մարզական բաժինը, իսկ 1950ին` ուսանողաց բաժինը։  Այնուհետեւ գործունէութիւն ծաւալած է ՀԵԸի շարքերէն ներս։  Եղած է պատասխանատու մարզական բաժնի 1951-54 թուականներուն, եւ կրտսերաց բաժնին` 1953ին։  1950-54 տարիներուն եղած է Լիբանանի 10 հազար մեթր վազքի ՀԵԸական ախոյեան մարզիկը եւ բազմաթիւ «քրոս-քաունթրի»ներու ախոյեանը։

Այդ շրջանին եղած է «Զարթօնք» օրաթերթի մարզական բաժնի թղթակիցը եւ շնորհիւ իր ստեղծած հետաքրքրութեան, ուրիշ թերթեր ալ կը սկսին յատկացնել սիւնակներ մարզական կեանքին նուիրուած։  Ապա եղած է հիմնադիրներէն «Զարթօնք-Սփոր» մարզական շաբաթաթերթին։

Երիտասարդ տարիքին միացած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը։  1956էն սկսեալ, ատեն մը նուիրուած է ազգային հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեանց, ըլլալով ՌԱԿի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչականներէն։

Հոկտեմբեր 11, 1976ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին  պատճառով փոխադրուած է Ֆրանսա եւ առաջին օրէն հաստատուած`  Վալանս։  Լիբանանէն սկսեալ արհեստով «տեքորաթէօր» Ֆրանսա գալէն ետք, չորս տարի աշխատած է Ճետտայի (Սէուտական Արաբիա) մէջ։

Յակոբ Գասարճեանին Փարիզ հաստատուելով ու անոր ՌԱԿի Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետութեան գալով, սերտ գործակցութիւն ցուցաբերած է իրեն, դառնալով կարեւոր ուժերէն մին Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի ՌԱԿի շրջանակները վերակազմակերպելու աշխատանքին մէջ։  Անդրանիկ եւս, տարիներով մաս կազմած է ՌԱԿի Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան եւ որպէս գործիչ ՀԲԸՄի Ֆրանսայի  շրջանակին տարած է վիթխարի աշխատանք։  Իր գործակցութիւնը Բարեգործականին եւ ՌԱԿի գծով եղած է մօտիկ ու հարազատ Մեթր Պերճ Սեդրակեանի հետ, որ հետագային պիտի դառնար ՀԲԸՄի նախագահ։

Հիմնած է Վալանսի ՌԱԿ տեղական ակումբը։  Ամուսնացած է Հերմինէ Քահքեճեանին հետ եւ բախտաւորուած` չորս զաւակներով. Նուպար, Շահնուր, Ասպետ եւ Անդրանիկ Կրտսեր։  Հերմինէն եւ բոլոր զաւակներն ալ անդամ են ՌԱԿի ընտանիքին։  Նուպար ցոյց կու տայ մեծ հետաքրքրութիւն ֆրանսական քաղաքական կեանքին եւ անդամ է Վալանսի քաղաքական խորհուրդին։

Անդրանիկ Քէշիշեան շրջան մը հրատարակած է խմորատիպ «Շառաջ»ը,  ազատ մտածումներով, սակայն ռամկավար ազատական ուղեգիծով ամսաթերթը։

Եղբայրը` Նուպար, որ եկեղեցական դառնալով ստացած է Վազգէն անունը, կը դառնայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ իշխանաւորներէն ու Մայր Աթոռի պաշտպանեալներէն։ Վազգէն Արք. Քէշիշեան, կ’ընտրուի անդրանիկ առաջնորդը Գանատայի Հայոց Թեմին, պաշտօն մը ուր կը մնայ մինչեւ իր վաղաժամ վախճանումը։  Վազգէն Սրբազան եւս, իր եղբօր նման, կ’ընդունի ռամկավար ազատականի ուխտը եւ մի´շտ մնալով իր ուխտին հաւատարիմ շարքայինը։

Կը մահանայ Վալանսի մէջ, Դեկտեմբեր 25, 2015ին:  Թաղմանական կարգը տեղի կ’ունենայ Վալանսի Ս. Սահակ հայկական եկեղեցին, Դեկտեմբեր 30, 2015ին: