ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 16-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Խոհեր ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Ազգային ծառայութեան առաքելութեամբ կը գտնուէի Հայաստան:  Ամէն անգամ երբ գտնուած  եմ Հայրենիք, անպայմանօրէն այցի եմ գացած Մայր Աթոռ, իմ որդիական յարգանքս տալու հայոց հայրապետին՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին:

Նոյեմբեր 7-ին, կուսակցական ընկերներով այցելեցինք Ս. Էջմիածին:  Հակառակ Գերագոյն Խորհուրդի նիստերուն, Վեհափառ Տէրը մեզ սրտբացօրէն ընդունեց իր առժամեայ Վեհարանին մէջ:  Հինը կը վերանորոգուի եւ յոյսով է որ յառաջիկայ տարի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ քահանայապետին Ֆրանսիսքօ Պապին հաւանական այցելութեան օրերուն, արդէն պատրաստ կ’ըլլայ ու Զինք կը հիւրընկալէ վերանորոգուած վեհարանին մէջ:

Մօտ տասնամեակ մը առաջ, Մայիս 2006ի Էջմիածին այցելութեամբ, նկատած էի թէ Ան Մայր Աթոռը կը ծրագրէր վերածել Հայոց Վատիկանին:  Այդ օրերուն, այս յայտարարութիւնս դեռեւս չափազանցութիւն կը նկատուէր:  Վեհափառ Հօր հետ ունեցած տեսակցութիւնս լոյս տեսաւ Մայր Աթոռի նախամեծարութեան հաւատացող ու Գարեգին Բ. ընդհանրական հայրապետին հանգամանքին հաւատարիմ մամուլին մէջ: «Գարեգին Բ. Վեհափառը նման աշխատանքի մը լծուած է, գիշեր ու ցերեկ, Ս. Էջմիածինը Վատիկանին հաւասարող մակարդակի մը բերելու գալիք տասնամեակին»:  Այսօր կրկնելով նոյնը, կրնամ արձանագրել որ սխալած չէի:

Նոր շունչ ու որակ Ան բերաւ Մայր Աթոռէն ներս:  Ամէն տարի հոգեւորականներու բանակ մը զինուորագրուեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած:  Նիւթապէս ապրեցաւ իր ոսկեդարը շնորհիւ ազնիւ ազգային բարերարներու՝ արտասահմանի, նախկին Խորհրդային հանրապետութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան:  Եկեղեցաշինութիւնը մեր հայրենիքէն ներս որեւէ ժամանակէ աւելի յառաջդիմեց եւ յարգանքն ու սէրը մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ նոր սերունդին կողմէ բացայայտ է, երբ ամէն տարի եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը կը կրկնապատկուի:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրով աւելի գործ տեսնուեցաւ քան անցնող քանի մը հարիւր տարիներուն: Հայաստանի անկախացումը ունեցաւ իր բախտորոշ դերը, սակայն Մայր Աթոռի գահակալը գիտցաւ լաւապէս գնահատել պահը եւ առաւելագոյնս կեդրոնացնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու բարերարներուն ուշադրութիւնը յօգուտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պայծառութեան:

Միայն այս տարուան մեծ իրագործումները Գարեգին Վեհափառին, արձանագրելու ենք գոնէ Ցեղասպանութեան դարադարձին առթիւ այն քանի մը նախաձեռնութիւնները, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն սրբադասութիւնը այս Ապրիլին, Ս. Էջմիածնի մէջ, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ քահանայապետին Ֆրանսիսքօ Պապին կատարած պատմական յայտարարութիւնը Վատիկանէն  Մեծ Եղեռնի դարադարձին առթիւ, հայրենիքի եւ աշխարհով մէկ եկեղեցիին մասնակցութիւնը տօնակատարութիւններուն, որոնք պատճառ եղան Քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ համաշխարհային ընկերութեան մասնակցութեան այս առթիւ կատարուած յիշատակի հանդիսութեանց, ինչպէս նաեւ՝ վերջերս կատարուած միւռոնօրհնութիւնը:

Վեհափառ Տէրը իր սուղ ժամանակէն առիթ գտաւ մեզ ծանօթացնելու նոր շինարարութիւնները եւ բարձրացող կոթողները մայրավանքէն ներս, որոնք միայն կրնան հպարտութիւն պատճառել ամէն ուխտաւորի:  Բծախնդրութեամբ ծրագրուած եւ ուսումնասիրուած աշխատանք պարզապէս:

«Բայց այս բարձրացող կոթողները միայն քարեղէն կառոյցները չեն», ինչպէս Ամերիկայի Թեմի մեր առաջնորդը՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան յայտարարեց գահակալութեան 16րդ տարեդարձի Մայր Տաճարէն ներս իր մատուցած Ս. Պատարագէն ետք իր քարոզին մէջ, «այլ անոնք քրիստոնէական ու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայող հիմնարկներ»:  Ինչպէս՝ Գէորգեան Ճեմարանը, գրադարանը, մատենադարանը, ցուցասրահները, երիտասարդական ու դաստիարակչական կեդրոնները, համակարգչային աշխատասենեակները, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակները,  նոր եւ արդիական վանական համալիրը, նոր ու հին վեհարաններու վերանորոգումները, որոնք ժամանակակից սարքաւորումներով քայլ կը պահեն 21րդ դարու բոլոր մեր պահանջքներուն:  Եւ այս ամէնը գեղեցկօրէն համադրուած, հայկական ճարտարապետական համընդհանուր գեղեցիկ դասաւորումով մը համայնապատկերուած:

Բարձրաստիճան հոգեւորականներ, միաբան հայրեր, ժառանգաւորացի ուսանողներ եւ ընդհանրապէս Մայր Աթոռի պաշտօնեաներ ունին աշխատելու եւ սորվելու լաւագոյն պայմանները:

Պէտք է աւելցնել նաեւ այն հրատարակչական ծրագիրները, անգտանելի հնատիպ մատեաններու եւ գիրքերու, Ս. Գրային եւ պատմական հատորներու, որոնք մեծապէս պիտի ծառայեն նոր սերունդին դաստիարակութեան:

Անշուշտ, պէ՛տք է յիշատակել նաեւ որ բացի Էջմիածնի համալիրէն, որուն սահմանները արդէն հասած են Ս. Գայանէ վանքը քառապատկելով հողային տարածքը մայրավանքին, Նորին Վեհափառութեան գահակալութեան տարիներուն Հայաստանէն ներս թէ արտասահմանի մէջ եկեղեցաշինութեան արձանագրուած թափը:  Մանաւա՛նդ նախկին Խորհրդային հանրապետութիւններէն ու Եւրոպայի նորաստեղծ համայնքներէն ներս:  Օրինակ մը տալու համար, Մոսկուայի Մայր Եկեղեցին միայն ինքնին պատի՛ւ կը բերէ, անկասկած, ռուսահայ մեր գաղութին:  Նոր եկեղեցիներ Շուէտի, Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ բազում այլ շրջաններու մէջ:

Ու այս ամէնը լուրջ ծրագրումովը մեր սիրելի Հայրապետին:

Դարադարձէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր ծրագիրներէն պիտի ըլլայ, անկասկած,  վերահաստատումը Եկեղեցւոյ կանոնական վիճակին:  Արդէն անոր սկզբնաքայլը եղաւ, Էջմիածնի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական Ժողովը:  Ինչպէս Ինք ըսած է.  «այդ չի կարող մշտական մնալ մեր հետ:  Օր առաջ պէտք է որ մենք կարողանանք կանոնական վիճակը մեր եկեղեցական կեանքում վերահաստատել, որպէսզի կարենանք լիարժէք մեր կեանքը, գործունէութիւնը կազմակերպել»:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը շարունակէ իր նախորդներուն՝ մանաւա՛նդ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի բարի աւանդը, պահելով իր սրտագին եւ ամենամօտիկ յարաբերութիւնները ազգին համազգային բարեսիրական հաստատութեան՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան պատասխանատուներուն հետ, որոնք մեծագումար իրենց նիւթական մասնակցութեամբ մի՛շտ կը հասնին Մայր Աթոռի կարիքներուն:

Մեր Հայրապետը կը շարունակէ հսկել իր թեմական վիճակներու բարելաւումին, եկեղեցական կանոնական միատեսակ օրէնքներու գործադրութեան, կը շարունակէ հասցնել մեր թեմական ծուխերէն ներս պատրաստուած եւ ուսեալ եկեղեցականներ պահելով կարգն ու կանոնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառոյցէն ներս:

Ու դեռ, Ան անվերապահ յարգանքը կը շարունակէ ունենալ այն ազգային քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներուն, որոնք Ցուրտ Պատերազմի բովանդակ տարիներուն մնացին Մայր Աթոռի հաւատարիմ եւ պաշտպանեցին Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը,  Ս. Էջմիածնի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Սփիւռքի տարածքին եւ աւանդութիւնները Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ:

Այդպէս ալ Ան, այդ օր, իր ընտրութեան ճի՛շդ օրը, դիմաւորեց մեզ նոյն ջերմեռանդութեամբ, նո՛յն մտերմութեամբ:

Ճակատաբաց հեռացանք մայրավանքէն:  Հպարտութեա՛մբ: