ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՐԿՈՒ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՅԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԱՅ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԸ

Չորեքշաբթի՝ 30 Դեկտեմբեր 2015-ին, Գամիշլիի քրիստոնէաբնակ թաղամասերէն մէկուն մէջ, «Մաիամի» եւ «Գաբրիէլ» ճաշարաններուն մօտ ռումբերու երկու զօրաւոր պայթիւններ ցնցեցին ամբողջ քաղաքը։ Արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Վիրաւորները անմիջապէս տեղափոխուեցան հիւանդանոց, բանակն ու շտապ օգնութիւնը փութացին օգնութեան։ Վայրկեաններ անց, սուրիական բանակի զինուորները ականազերծեցին երրորդ ականուած պայուսակ մը, որ տեղաւորուած էր մօտակայ այլ շրջանի մը մէջ։

Տեղի ունեցած պայթիւնին զոհուած է նաեւ հայ մը՝ Անթուան Իւսէֆ Մատոյեան ( 1957- ի ծնունդ)։

Հինգշաբթի՝ 31 Դեկտեմբեր 2015-ին, Գամիշլիի սուրիանիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 1:00- ին տեղի ունեցաւ Գամիշլիի մէջ պայթիւնին զոհուած նահատակներուն միջ-եկեղեցական մասնակցութեամբ յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայ Առաքելական համայնքը։ Յուղարկաւորութեան քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողքին, մասնակցութիւն բերին պետական պատասխանատուներ, աշիրաթապետներ ու Գամիշլիի քաղաքապետը, որ Սուրիական Հանրապետութեան նախագահ՝ Պաշշար ալ Ասատին ցաւակցութիւնները փոխանցեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ ամբողջ Գամիշլիի ժողովուրդին։

Գամիշլիի ժողովուրդը խոր կսկիծով հրաժեշտ տուաւ իր նահատակ զաւակներուն։

Arm. 11 Jan. (Kamishli)3

Arm. 11 Jan. (Kamishli)