Կրկին Սուրբ Ծնունդ է: Յիսուսի Ծնունդը: Աւելի ճիշդ՝ 6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Հազիւ հին տարին թանգարան յանձնած եւ նորին հաշւոյն միայն քանի մը օրեր ապրած, ահա այս անգամ, իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, կրկին հաւաքուած ենք Ճրագալոյցի աւանդական սեղանին շուրջ, դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը:
Նոր Տարուան շեմին, բոլորին նման արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին ըլլայ տարբեր իր նախկինէն կամ նախկիններէն, եւ իրեն հետ բերէ լաւն ու բարին, խաղաղութիւն ու առողջութիւն:
Իսկ հիմա, իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակները, մեր դարաւոր պատմութենէն հաստատապէս սորված ըլլալով տառապանքի լեզուն՝ անգամ մը եւս Քրիստոսի ծննդեան առթիւ մեր սիրտերէն բխող աղօթքներուն կը խառնենք նաեւ մեր բարի մաղթանքները:
Նոյն երեկոյեան, չես գիտեր ինչպէս, օրուան հեւքին հետ Ծննդեան խորհուրդէն թելադրուած, տանս մէջ անկիւն մը նստած ու կերպով մը քաշուած, երբ կը փորձէի քննութեան տակ առնել հաւատքս, ձեւով մը ես զիս դատել, միաժամանակ վերլուծելով ապրած երկիրս ու անոր ժողովուրդը, հայրենիքս, հեռաւոր ծննդավայրս եւ տակաւին շատ ուրիշ բաներ՝ ի տես այս մեծ տօնին ու իրեն ընկերացող խորհրդաւոր գաղափարներուն, յանկարծ բառերս ինքնածին կ՛ուռին, նախադասութիւններս կը լայննան եւ լեզուս կարծես անաղմուկ կը պայթի…
Ինչո՞ւ քրիստոնեայ եմ եւ ոչ ուրիշ կրօնքի հետեւորդ. առաջին իսկ հերթին հարց կու տամ ես ինծի:
Արդեօք, եթէ ես այս կրօնքը ընդունած չըլլայի, կամ իմ պապերս չընդունէին, այսօր ուրիշ ի՞նչ կրօնքի պիտի հաւատայի:
Այս նոր եւ անծանօթ իրավիճակովս ի՞նչ պիտի կոչուէի…
Ո՞ր ազգին հետ կրօնակից պիտի ըլլայի, կամ որո՞ւն պիտի պատկանէի…
Խորքին մէջ, շատ հաւանաբար, եթէ ծնողներս ողջ ըլլային, ապա այս հարցումներուն համար իրենց կողմէ կրնայի դասուիլ իբրեւ հեթանոս մտածող մը. թերեւս ալ շատերու համար ըլլայի կասկածելի ու վտանգաւոր «անաստուած» մը, որ քրիստոնէութեան դէմ կը խօսի կամ կը փորձէ հարցականի տակ դնել իր պապերուն կրօնքը, եւ այդ ձեւով կրնայի ըլլալ նաեւ մեծ կասկածելի մը… Թերեւս ալ՝ ուրիշ ածական: Ո՞վ գիտէ…
Անկեղծօրէն, այս գաղափարներուս դիմաց կ՛ուզէի միեւնոյն ատեն միտքի ազատագրում մըն ալ ունենալ, անկաշկանդ եւ ազատ: Վերջապէս ազատ երկիրի մը մէջ կ՛ապրէի, եւ խօսքի ազատութիւնը յստակ իրաւունք է իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Այլ խօսքով, խորհրդաւոր այս օրուան առթիւ, կ՛ուզէի առանձնապէս հաւատքիս փնտռտուքը կատարել, կամ ձեւով մը՝ անոր նախաձեռնել:
Ինծի համար հարց էր, թէ ես որքանո՛վ քրիստոնեայ եմ կամ հաւատացեալ, որպէսզի երազներս, երեւակայութիւնս եւ անոնց հետ առնչուող ամէնօրեայ մտածումներս, որոնք զանազան առիթներով յաճախ սեւով ճերմակի տողերուն կը յանձնեմ, այլեւս իրենց յարատեւ տագնապի երգը չերգէին:
Այդ վայրկեանին զիս համոզող բառերս, կարծես կորսուած ըլլալով՝ չէին կրնար ինծի տալիք յստակ պատասխան մը գտնել: Յստակ էր, թէ ցարդ, իբրեւ Քրիստոսի խօսքերուն բարի եւ հաւատարիմ հետեւորդներէն մէկը՝ ես զիս ու հաւատքս, ծանր հարցականի մը տակ դրած էի անզգալաբար: Չեմ գիտեր ինչո՛ւ: Հաստատ պատասխան մը չունէի… համոզիչ կամ գոհացուցիչ: Ուստի, ինքնաբերաբար միտքիս թափառումները սկսած էի այլ ուղղութեամբ շարունակել:
Այսպէս, գիտէի, որ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, ամէն օր, ամէն վայրկեան մեր դիմաց ճակատագրական խաչմերուկներ կը բացուէին, ուզենք թէ ոչ: Բոլորս ալ ականատես ենք, թէ ամէն տեղ ինչե՜ր կը պատահին, կամ մինչեւ հիմա ինչե՜ր պատահած են… վատն ու բարին. մարդկայինն ու անասնայինը: Նոյն այս կրօնքն է, որ մեզի սորվեցուցած է, թէ միայն սեւ տեսնելը լաւ նշան չէ: Աշխարհի ամէն մէկ անկիւն եւ տեղ ճերմակէն աւելի սեւ կայ։
Թէեւ մեր ազգային ճակատագիրին բերումով շատ յաճախ մենք նետուած ենք ծանր յուսահատութեան գիրկը ու ինչու չէ ասոր իբրեւ հետեւանք՝ երբեմն ալ բարձրաձայն մեղանչած, բողոքած եւ բարկացած մեր Արարիչին դէմ եւ հասցէին, սակայն հակառակ այս իրականութեան, կրկին անգամ փարած մնացած ենք մեր նոյն այս կրօնքին, մեր հաւատքին ու Քրիստոսին, եւ կրկին անգամ իբրեւ փիւնիկ վերապրած ենք:
Անշուշտ, մեր այս վերապրումը բաժակաճառերով չէր եղած, ո՛չ ալ պարզ մաղթանքներով, այլ՝ ազգի արեան գինով ու կեանքով: Մեզի սահմանուած աշխարհին մէջ ապրած ենք կեանքի պատմութեան թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը՝ հաւասարապէ՛ս:
Մեծով ու պզտիկով հաւատացած ենք հրաշքին եւ անով ապրած: Մեր հաւատքին կողքին, այդ հրաշքներէն մէկը եղած էր նաեւ մեր հայրենի հողը, իսկ միւսը՝ մեր մայրենի լեզուն, որոնք մեզի առաջնորդած են դէպի դարերու յաւերժութիւն:
***
Ըսի 6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ է: Իբրեւ հայ քահանայի թոռնիկ, արդէն ես զիս դուրս բերած եմ նախկին հարցումներուս աքցանէն: Արդեօք քաջութիւնը ունեցայ համարձակ արտայայտուելո՞ւ: Արդեօք կրցա՞յ ես զիս դիտել եւ ինքնութիւնս վերարժեւորել…
Չե՛մ գիտեր… Միայն գիտեմ այն, որ վերջապէս ունեցայ այդ հաստատ ինքնագոհութիւնն ու արիութիւնը, որ որոշ ձեւով կրցայ բացայայտել հաւատքիս ծալքերը: Իրապէ՛ս մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէ: Երբեմն կը վերաբերինք թեթեւամտօրէն: Անոր համար ալ չարն ու բարին իրարու կը խառնենք: Միտքի այս թափառումներէս եզրակացնելով հանդերձ, որ կրօնքը միտքի հարց չէ, այլ՝ զգացումի, կը գիտակցիմ, որ մարդիկ առանց կրօնքի ու հաւատքի անպայմանօրէն կը կորսնցնեն իրենց կեանքի կշռոյթը:
Միայն լաւութիւն ընելով եւ բարութեամբ ապրելով է որ աւելի կը մարդանանք՝ ըսած են մեր մեծերը եւ այդպէս ալ պատգամած:
Բայց, ի՛նչ ալ ըլլան իմ մասին ունեցած ձեր կարծիքները, իմ եւ ձեր հաւատքն ու անոնց չափանիշները, անկիւնադարձային եղող այս օրուան առթիւ եկէք միասնաբար վերանորոգենք մեր յոյսերն ու երազները, մեր կարգախօսներն ու բաղձանքները։
Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: