Դեկտեմբեր 19-20 Թիֆլիսի մէջ կայացած է խոշորագոյն հայ մտածող, վիպասան, ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօս Րաֆֆիի (Յակոբ Մելիք Յակոբեանի) 180-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ամբողջ շարք մը:
Վրաստանի Հայ համայնքին մէջ Րաֆֆիի 180-ամեակը սկսած է տօնուիլ «Խաչագողի Յիշատակարանը» գեղարուեստական ֆիլմի ցուցադրութեամբ, որ նկարահանուած է համանուն պատմագեղարուեստական վէպի հիման վրայ:
«Հակառակ Րաֆֆիի ստեղծագործութեան ամբողջ նշանակութեան` ցաւօք, «Խաչագողի Յիշատակարանը» միակ հայկական ֆիլմն է` նկարահանուած ըստ Մեծն Րաֆֆիի ստեղծագործութեան նիւթերու հիման վրայ: Հանդիսատեսին մեծամասնութիւնը ֆիլմը դիտելու համար այսօր, Հայ համայնքի մէջ հաւաքուած դպրոցականները եւ երիտասարդները, առաջին անգամ առնչուեցան Րաֆֆիի ստեղծագործութեան հետ: Կարեւոր է, որ հնարաւորին չափ շատ հայեր դաստիարակուին Րաֆֆիի ստեղծագործութեամբ: Անոր ստեղծագործութիւնը կ՛ուսուցանէ ճշմարիտ սէր դուն քեզի եւ ժողովուրդիդ հանդէպ: Կը սորվեցնէ սիրել Հայրենիքը», «Միութիւն» թերթի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է՝ Վրաստանի Հայ համայնքի Ուսանողական-երիտասարդական միութեան ղեկավար Արթուր Միրզոյեան:
Ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօսի 180-ամեակի տօնակատարութեան երկրորդ օրը սկսած է՝ Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութեամբ: Կիրակնօրեայ ժամերգութենէն ետք քահանաները իրականացուցած են Յակոբ Մելիք Յակոբեանի (Րաֆֆի) հոգեհանգիստի ծիսակարգ: Մինչ եկեղեցական ծիսակարգին սկսիլը, վարդապետ Խորէն Օհաննէսեան եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ծխականներուն յիշեցուցած է՝ հայ ժողովուրդի համար Րաֆֆիի ստեղծագործութեան անգնահատելի դերին եւ Մեծն գրողի անցած կեանքի ուղիին մասին:
Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք թիֆլիսահայերու փոքրաթիւ խումբ մը, գործող երկու հայկական կազմակերպութիւններու` Վրաստանի Հայ համայնքի եւ «Հայարտուն» կեդրոնի ներկայացուցիչները, վարդապետ Խորէն Օհաննէսեանի ուղեկցութեամբ քայլերթ կազմակերպած են դէպի Խոճավանք, ուր թաղուած է Մեծն Րաֆֆին:
Րաֆֆիի` ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօսի շիրիմին մօտ իրականացած է կարճ ձեռնարկ: Հաւաքուած վրացահայ ներկայացուցիչները ծաղիկներ դրած են Յակոբ Մելիք Յակոբեանի գերեզմանին: «Գլխաւոր խորհուրդը, որ կու տայ մեզի Րաֆֆին՝ միասնութեան կոչն է: Միասնութիւն` յանուն մեր ժողովրդի եւ Հայրենիքի հաւաքական շահի: Ուրախալի է, որ այսօր մենք Մեծն գրողի գերագոյն խորհուրդին հետեւող թիֆլիսահայ հետեւորդները կը հանդիսանանք», ըսած է Րաֆֆիի յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման նախաձեռնողներէն` Վրաստանի Հայ համայնքի Ուսանողական միութեան անդամ Քրիստինէ Աբրամեան:
Րաֆֆիի ծննդեան 180-ամեակը եզրափակուած է Վրաստանի Հայ համայնքի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, ուր իրականացած է դասախօսութիւն-քննարկում` «Րաֆֆի. ժառանգութիւնը եւ արդիականութիւնը» թեմայով:
Դասախօսութեան հեղինակները` հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Լարիսա Խաչատրեան եւ «Միութիւն» թերթի աշխատակցուհի Մարօ Ասատրեան, ներկաներուն պատմած են Փայաջուկ (Սալմաստ, Իրան) գիւղին մէջ ծնած եւ Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) թաղուած հայ խոշորագոյն վիպասանի կեանքի կարեւորագոյն փուլերուն մասին: Լարիսա Խաչատրեան եւ Մարօ Ասատրեան Րաֆֆիի երկու վէպերուն` «Ջալալետտին»ի եւ «Խենթ»ի վերլուծութեան հիման վրայ, ներկաներուն պատմած են Մեծն մտածողի ստեղծագործութեան հիմնական ուղղութիւններուն մասին:
ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔ