«Դուն հայու լակոտ, դուն ամէնէն շուտը կը փոխուիս անասունի,
եթէ օր մը իսկ մնաս առանց վիշտի»:
Այսօր, սուրիահայերու նոր գողգոթան տեսնելով, կը մտածեմ Շահնուրի գրածին մասին «Նահանջը առանց երգի» վէպին մէջ` «Դուն հայու լակոտ…»: Մենք հարիւր տարի առանց վիշտի կ՛ապրէինք, անասու՞ն դարձած էինք, որ նոր վիշտի մը մատնեցին մեզ…
Ինչու՞ Շահնուրի այս բնութագրումը, որ անէծքի կը նմանի: Իսկապէ՞ս այդպէս է, թէ Շահնուրի ծանօթ ծայրայեղութիւններէն մէկն է, ինչպէս Նարեկացիի մասին գրածը:
Շահնուրի ամբողջ կեանքը տառապանք էր, ֆրանսայի անկելանոցներէն մէկուն մէջ, տասնամեակներով անկողինին գամուած, ահաւոր ցաւերու մէջ: Այդ վիճակին մէջ, պարզ է, որ մարդ չարանայ աշխարհին դէմ, մարդոց դէմ, ինչպէս Պ. Դուրեան չարացաւ ու Աստուծոյ անիծեց մահուան անկողինին մէջ, երբ ան ընդամէնը քսան տարեկան էր:
Վի՞շտն է, որ մեզ պիտի զգաստացնէ, մարդկայնացնէ, ապա թէ ոչ անասունի՞ կը վերածուինք. բայց ինչու՞:
Նպատակս մեր մեծագոյն գրողներէն մէկուն, Շահան Շահնուրի միտքի արգասիքը քննարկել չէ. սուրիահայերուս այս դժոխային վիճակին մատնուելու մասին մտորումներ ընելու ճանապարհին, վերյիշեցի այս ցնցող տողերը:
Արդէն պատերազմի հինգերորդ տարուան մէջ ենք եւ վերաքաղը ընել անցնող տարիներու ընթացքին պատահածներուն, կը նշանակէ սեւ ու սպիտակ, արիւնով ու արցունքով գրուած էջերու վերընթերցումը կատարել, սակայն վասն ինչի՞. ցաւելու՞, ափսոսալու՞, մեր սնամէջ համոզումներուն համար ամօ՞թ զգալու: Այս պարագային անթեղուած կրակը վերարծարծելը, բաց ու կոտտացող վէրքին վրայ աղ ցանել պիտի նշանակէ: Իսկ փակել այդ էջերն ու փորձել ջնջել ժամանակահատուած մը մեր համատեղ կեանքէն, յանցագործութիւն պիտի ըլլար պատմութեան դէմ:
«Ինչու՞»ները շատոնց դադրած են պատասխան ունենալէ. «Ինչու՞ սկսաւ այս պատերազմը, որո՞նք ծրագրեցին ու հրահրեցին, ի՞նչ էր անոնց նպատակը, Սուրիոյ նման խաղաղ ու բարեբեր երկիր մը քանդելը, հարիւր հազարներով մարդկային զոհերն ու միլիոններու գաղթն ու արտագաղթը, որու՞ կամ որո՞նց շահերուն կը նպաստէ, վերջ ունի՞ այս պատերազմը, թէ տակաւին երկար պիտի տեւէ…»: Մեկնաբանութիւններ` շա՛տ, սակայն լուրջ ու սպառիչ պատասխան չկայ: Նոյնիսկ պատերազմը ձեռնարկողները ի վիճակի չեն գիտնալու, քանի արդէն ծրագրուածը ձեռքէ ելած է ու տիրողը հիմա քաոսն է:
Սուրիահայերու տարանջատուիլը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է, հայկական Սփիւռքի տեսանկիւնէն դիտուած. Հալէպը սովորական գաղութ մը չէ, որպէսզի ցաւինք անոր քայքայման ի տես, ո՛չ, Հալէպը հայկական Սփիւռքի ամենակարեւոր, ամենատոկուն ու ամենահայ երկու ամրոց-յենարաններէն մին եղած է ու տակաւին է՛, Պէյրութի կողքին. անոր փլուզումը պատուհաս է, անոր փլուզումով կը կաղայ Սփիւռքը:
Չափազանցութիւն մի՛ նկատէք, ո՛չ ալ անպատասխանատու ինքնագովութիւն. Հալէպը չի փոխարինուիր ո՛չ Լոս Անճելոսով, ոչ ալ այլ հայ գաղութներով: Հալէպը հարիւր տարիէ ի վեր դեռ կը շարունակէ աւանդապահը ըլլալ Կորուսեալ Դրախտին, Էրկրի՛ն, Էրկրացիի՛ն, անոր բարքերուն ու սովորութիւններուն, անոր հայրենասիրութեան, ազգային, հոգեւոր ու մտաւոր արժէքներուն:
Հալէպի մէջ հասակ կ՛առնեն հայախօս, ազգանուէր սերունդներ. Հալէպի մէջ խմորուած են գաղթաշխարհի շատ մը կարկառուն ղեկավար դէմքեր, մտաւորականներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ: Բացի Լիբանանէն, արաբական ոչ մէկ երկրի մէջ, ուր հայկական գաղութ կայ, հայերը այսքան իրաւունքներ կը վայելեն, որքան Սուրիոյ:
Հարկ կա՞յ կրկնելու, թէ միայն Հալէպի մէջ տասէ աւելի հայկական վարժարաններ ունինք, (ունէինք), որոնցմէ հինգը երկրորդական, նոյնքան ալ հայ երեք յարանուանութիւններուն պատկանող եկեղեցիներ, նոյնքան ալ ակումբներ, միութիւններ եւ անհաշիւ մշակութային, բարեսիրական, մարզական, սկաուտական ձեռնարկներ. նոյնիսկ հիմա, պատերազմի այս տարիներուն, ուր թէեւ քանակական առումով շատ բան կորսուեցաւ, սակայն որակը երբեք չնահանջեց, մնաց նոյնը եւ աւելի՛: Գաղութը նօսրացաւ, մնացողներուն կրկնակին գաղթեց ակամայ, սակայն մնացողները կեանքի ու կենցաղի ամենատարրական պահանջքներու բացակայութեան, ընկրկում չունեցան, ընդհակառակը, աւելի՛ կարծրացան, աւելի՛սեղմեցին իրենց գօտիները եւ ոյժը տուին բարեսիրական, կրօնական, կրթական, մշակութային, մարզական, սկաուտական եւ այլ ձեռնարկներու, սրահներ բերնէ բերան լեցնելով, արհամարհելով ամէն վայրկեան սպառնացող վտանգը:
Եթէ եկեղեցին մեր ցաւերը ամոքելու համար «Աստուած մեր համբերութիւնը կը փորձէ Յոբին պէս» ըսէ, կարծեմ հինգ տարին բաւարար է փորձին արդիւնքը գիտնալու համար: Իսկ Շահնուրի «Անէծք»ն ալ եթէ տակաւին իր հնչեղութիւնը չէ կորսնցուցած, անոր ալ պատասխանենք, որ հայը երբեք «լակոտ» չէ եւ երբեք ալ նոր վիշտերու պէտք չունի մարդկայնանալու համար:
Աշխարհի վրայ պատերազմ չէ եղած որ չէ վերջացած. օր մը անպայման այս աննախադէպ պատերազմն ալ իր աւարտը կ՛ունենայ. այն ատեն հալէպահայը կը նստի հաշուեյարդարի. կը հաշուէ իր կորսնցուցածն ու պահպանածը եւ ամենակարեւորը, հաշուի կը նստի սուրիահայ գաղութի յենարանները քանդել տուող թուրքին հետ:
Աշխարհը նոյնը չի մնար, հայուն սահմանափակ կարողութիւններն ալ նոյնը չեն մնար. գոռոզ Թուրքիան ալ կը փոխուի, կը փոխե՛ն, անոր մագիլները կը տաշեն. այն ատեն վա՜յ է եկեր սուլթանական պատմուճանի մէջ փաթթուածին. այն ատեն յայտնի կ՛ըլլայ, թէ «Լակոտ»ը որու՞ յարմար մակդիր է:
Երեւան
Յակոբ Միքայէլեան