Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կորուսեալ Թռչուններ» ֆիլմը կրնայ յայտնուիլ «Օսկար»-ի յաւակնորդներու ցուցակին մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած ֆիլմը, որ կը կրէ «Կորուսեալ թռչուններ» խորագիրը, կրնայ յայտնուիլ ֆիլմերու «Օսկար» մրցանակի յաւակնորդներու ցուցակին մէջ:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ին՝ կը տեղեկացնէ Prensa Centro Armenio-ն` նշելով, որ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2016-ի Փետրուար 28-ին, իսկ յաւակնորդներու վերջնական ցուցակը պիտի հրապարակուի Յունուար 14-ին: «Կորուսեալ թռչուններ» ֆիլմը կը դիտարկուի որպէս հնարաւոր թեկնածու 11 անուանակարգերու մէջ:
Ֆիլմին սենարի հեղինակն ու բեմադրիչը հայ Արեն Փերտեճին է, համաբեմադրիչը` թուրք Ալէ Ալեամաջը: Գլխաւոր դերակատարները եւս հայ եւ թուրք են`ի դէմս Տիլա Ուլուճայի եւ Հերոս Ագոփեանի: Ֆիլմը սկսած է ցուցադրուիլ Յունիս 30-ին: