ԱԶԱՏ ԲԵՄ
Մարգարէութիւն մը չէ ըրածս, ոչ ալ բան մը գրելով ցեղային փափաքներս կը շոյեմ, այլ վերջին ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ առնչութեամբ հրապարակուած լուրերուն մէջ թաքուն յարաբերութիւններու առնչուող ազդանշաններ լուսարձակի տակ առնելով` յանգիլ կ՛ուզեմ տրամաբանական եզրակացութեան մը:
Առաջին ազդանշանը կը գըտնենք Թուրքիոյ իշխանութեան գլուխը անցած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան տասներկու տարի եւ աւելի իշխանութեան վրայ մնալուն եւ շրջանի մէջ տիրող կացութեան հետ կանուխ ընտրութիւններու հասնելուն, ապա սոյն ընտրութիւններուն համեմատական յաղթանակ արձանագրելուն մէջ, որոնք մտածել կու տան, թէ այս ձեւի իշխանութիւն մը նախ եւ առաջ պարտաւորութիւն մը չունի՞ կատարելու, որն է Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերուն իրաւատիրոջ վերադարձնելու համաձայնագիրի մը ստորագրումը:
Նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ գործող միւս կուսակցակցութիւններուն այս հարցին նկատմամբ «անկարողութիւնը», պարզ կը դառնայ, որ ազգայնականները չեն կատարեր ոչ մէկ զիջում, իսկ քեմալականները կամովին չեն հագուիր «դաւաճանութեան շապիկը», այլ կը ձգտին այդ «շապիկը» հագցնել Արդարութիւն ու Բարգաւաճում Կուսակցութեան, որպէսզի հետագային անոր դաւաճանութեամբ ամբաստանեն, ապա տապալելով զայն ղեկավարեն ապագայ Թուրքիան:
Քրտական կուսակցութիւնը դժուար թէ հայկական իրաւունքները վերադարձնելու ճամբան բռնէ, որովհետեւ ինքն ալ պահանջատէր է մասամբ, ուրեմն վերջին վաղաժամ ընտրութիւններով Էրտողանը եւ իր կուսակցութիւնը պէտք է լիովին ստանձնեն այդ պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:
Երկրորդ ազդանշանը կու գայ հիմնաւորելու առաջինը որն է, Տաւուտօղլուի «զերօ խնդիրներ» տեսութեան ձախողութիւնը եւ այդ ձախողութեան յստակ ուրուագծումը նախագահ Պաշշար ալ Ասատին կողմէ` միջազգային լրատուամիջոցներու ճամբով:
Երրորդ ազդանշանը` թրքական ծաղկուն տնտեսութիւնն է, որ կը պարզէ ցուցանշական աճ, բայց ոչ ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ: Բոլոր տնտեսական թրքական կարելիութիւնները անձնական մենաշնորհումներ կը վայելեն կամ օտար շահարկման բնոյթ ունին, որոնք կրնան շուտով լքել Թուրքիան առաջին իսկ վտանգի մը ենթարկուելով:
Չորրորդը զինուորական ազդանշանն է, որուն փխրուն ըլլալը երեւան եկաւ, թրքական կողմին ռուսական օդանաւին հարուածելէն ետք: Ռազմագէտ թուրք ղեկավարներ իրենց այս որոշումը կը հիմնէին ՆԱԹՕ-ի ուժերուն վստահելով, որոնք իրենց կարգին ռուս-ՆԱԹՕ ճակատումէն խուսափելով առանձին ձգեցին Թուրքիան իր հարցերը լուծելու գծով:
Հինգերորդ ազդանշանը քաղաքական ազդանշանն է ու անկէ բխած թրքական ռազմավարութիւնը, յատկապէս իսլամական աշխարհի ղեկավարութիւնը ստանձնելով անոր տիրապետելու ցանկութիւնը: Արտաքնապէս զօրութիւն ներշնչող այս ռազմավարութիւնը ներքինքաղաքական կեանքին մէջ երկսայրի սուր մը կը կախէ Թուրքիոյ գլխուն, զինք դարձնելով հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբաւորումներու հովանաւորը:
Իսկ սուրիական հողերուն վրայ ապահով տարածք կամ ազատ գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ պահանջը կը բխի անոր ռազմավարութենէն, որ պիտի ծառայէ տուեալ հողի գրաւման որպէս առաջին քայլ, ինչպէս հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման հանգրուաններուն պարագային, որոնք դատապարտելի մնացին միջազգային ընտանիքին եւ անշուշտ սուրիական զգօն, հեռատես եւ պատմութեան դասերէն օգուտ քաղող ղեկավարութեան կողմէ:
Թրքական քաղաքականութեան ծիրին մէջ կ՛իյնան օսմանեան զառամեալ երազները եւ ժամանակավրէպ փառքեր հիւսելու թուրանական փորձերը, որոնք բնական արդիւնքով դատապարտուած են ձախողութեան:
Թրքական ռազմավարութեան ցայտուն թուլութիւնը պետութեան ինքզինք զօրաւոր յայտարարելն է, ապա նաեւ շրջանի մեծ պետութիւններուն հետ անհամեմատ մրցակցութիւնը: Հայ մեծ բանաստեղծին մարգարէաշունչ տողը այնքան հարազատ կը հնչէ շրջանիս քաղաքական բեմահարթակին վրայ, երբ կ՛ըսէ. «Պիտի զարնեն քեզ անոնք, որոնք քեզ յաճախ փրկեցին»: Այս բնոյթի արտայայտութիւններ հընչեցին Թուրքիան փրկողներէն մեծագոյնին խորհրդարանին մէջ, որոնց ներկայացուցիչները անդրադառնալով իրենց պատմական սխալին` կը փորձեն սրբագրել զայն:
Այժմ կը գտնուինք պատմական անկիւնադարձային ժամանակահատուածի մը մէջ, ուր մեզմէ կ՛ակնկալուի ազգային եւ հայրենական բարձր մակարդակի գիտակցութիւն եւ զգայնութիւն վերոյիշեալ յղի ազդանշաններուն նկատմամբ, փարատելու գալիք օրերու անորոշութեան մշուշը եւ այս իրողութիւններու լոյսին տակ հետապնդելու մեր արդար Դատը: