Իսթանպուլի մէջ «Անիի Աւերակները» գիրքը թրքերէն թարգմանուած է

Թուրքիոյ մէջ հայերէնէ թրքերէն թարգմանուած Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք, 1001 եկեղեցւոյ քաղաք Անիի հազարամեայ պատմութիւնը ներկայացնող «Անիի աւերակները» գիրքը:

Վանահայր Գրիգոր Բալաքեանի` 1910-ին հրատարակուած գիրքը թարգմանած են Սաթենիկ Ուստան եւ Անահիտ Հազարեանը: Գիրքին թարգմանուած տարբերակը «Անցեալի յոգնատանջ վկաները` Անիի աւերակներ» վերնագիրին ներքոյ հրատարակած է Իսթանպուլի «Փարոս» հրատարակչութիւնը, «Ակօս» թերթին յղումով կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Դեկտեմբեր 14-ին Իսթանպուլի մէջ Յունաստանի դեսպանութեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է գիրքին շնորհանդէսը, որուն մասնակցած են Կ. Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթոլիկ համայնքի արքեպիսկոպոս Լեւոն Զեքիեանը, գիրքին հովանաւոր Պետրոս Շիրինօղլուն, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանը եւ Ենիքոյի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Լաքի Վինկասը:

Անիի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնող ճարտարապետ Իսմայիլ Եաւուզ Օզքայան կարեւոր համարած է Նիկողայոս Մառի եւ անոր խումբի անգնահատելի ներդրումը Անիի վերաբերեալ պատմահնագիտական աշխատանքներուն մէջ: Մառը մինչեւ 1917 թուականը զբաղած է Անիի վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ հայոց պատմական մայրաքաղաքի պեղումներով: