Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի սպառազինութիւնը համալրուած է ռուսական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու խմբաքանակով:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ՌԴ Հարաւային ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Հարաւային ռազմական շրջանի ռուսական ռազմակայանի անօդաչու թռչող սարքերու ստորաբաժանման սպառազինութիւնը համալրած են հայրենական «Թախիոն» ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքերը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Զինուորականները մէկ ամսուան ընթացքին նոր անօդաչուները կը սորվին կառավարել Քամխուտ եւ Ալագեազ բարձրլեռնային զինափորձարաններուն մէջ:
«Թախիոն» անօդաչուն նախատեսուած է ցերեկը եւ գիշերը մինչեւ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ հետախուզում իրականացնելու համար: Անօդաչուներուն վրայ կրնան տեղակայուիլ տեսա-, ֆոթո- կամ ինֆրակարմիր խցիկներ: Սարքի մեկնարկային ծանրութիւնը մօտաւորապէս 25 քիլօկրամ է, թռիչքի տեւողութիւնը մինչեւ վեց ժամ: «Թախիոն»-ն կ՛արտադրուի «Իժմաշ- Անօդաչու համակարգեր» ձեռնարկութեան մէջ: