Տինքի ընտանիքը բողոքի դիմում ներկայացուցած է

Պոլսահայ նշանաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Հաքան Պաքըրճըօղլու բողոք ներկայացուցած է 24 պետական ծառայողի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու մասին Թուրքիոյ դատախազութեան որոշման դէմ: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Միլլիէթ» թերթը գրած է, որ բողոքի դիմումը ներկայացուած  է Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ դատախազութիւնը «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատով՝ պաշտօնի չարաշահման մէջ մեղադրուող 43 պետական ծառայողի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու որոշում տուած էր։

Այս 24 պետական ծառայողներու կարգին են Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (ՄԻԹ) ծառայակից Օզել Եըլմազ եւ Էրկուն Կիւնկէոր, որ պոլսահայ լրագրողի սպանութեան ժամանակ եղած է Պոլսոյ նահանգապետի օգնականը: Ըստ Տինք ընտանիքի փաստաբանին՝ Եըլմազ պատասխանատու է Տինքի սպանութիւնը չկանխելու, իսկ Կիւնկէոր, ինչպէս նաեւ այդ շրջանին մէջ Պոլսոյ նահանգապետ Մուամմեր Կիւլեր պատասխանատու են Տինքի անվտանգութիւնը չապահովելնուն համար