Տօնական օրերուն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 4500 կրակոց

ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ ամանորեայ տօներուն ընթացքին պահպանուած է սահմանագծին հաստատուած յարաբերական անդորրը:

Յունուար 1-7 ժամանակահատուածին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 4500 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առջնագծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: