Ըստ Սապահ թերթին՝ «Հայաստան 13-րդն է ՔԱԿ-ին օժանդակող երկիրներու ցանկին վրայ»

Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» թերթը հրապարակած է ցանկը այն երկիրներուն, որոնք իբրեւ թէ կ՛աջակցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ-PKK):

Ցանկին մէջ առաջին դիրքի վրայ է Ռուսիան, որ ըստ նոյն օրաթերթին՝ ՔԱԿին կը մատակարարէ «RPG» տիպի նռնականետեր, 60 մմ. ականանետեր, զինամթերք, հեռակառավարուող ականներ, գիշերային տեսողութեան սարքեր եւ «Քալաշնիքով» տեսակի գնդացիրներ:

«Անգլիան իր բեռնափոխադրող օդանաւերով ՔԱԿին կը մատակարարէ ականանետեր, իսկ ՔԱԿէն գրաւուած գնդացիրներուն մէկ մասը բրիտանական արտադրութիւն է», կը պնդէ «Սապահ»:

Գերմանիան, ըստ օրաթերթին, հրթիռներ կը մատակարարէ ՔԱԿին, ինչպէս նաեւ կը մարզէ ՔԱԿի անդամները: Իսկ Միացեալ Նահանգները ՔԱԿին կ՛օժանդակէ տարբեր տեսակի զինատեսակներով եւ յատկապէս՝ ռումբերով:

ՔԱԿին օժանդակողներու շարքին կը նշուին նաեւ Իտալիան, Չինաստանը, Սպանիան, Իսրայէլը, Սուրիան, Իրաքը, Հոլանտան, Պելճիքան, Յունաստանը, Ֆրանսան, Դանիան եւ Սերպիան: Ցանկին մէջ 13րդ դիրքին վրայ է Հայաստանը: Թրքական իշխանամէտ այս թերթը կը գրէ, թէ ՔԱԿի անդամները «ահաբեկչական կրթութիւն» կը ստանան Հայաստանի հետախուզական ստորաբաժանումներուն կողմէ: