Լոյս տեսած է «Մատեան ողբերգութեան» աղօթամատեանի գրաբար-աշխարհաբար հանդիպադիրը:
Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով պատմաբան, հասարակական գործիչ, հրապարակագիր Ռաֆայէլ Համբարձումեանին, գիրքը եզակի եւ աննախադէպ հրատարակութիւն մըն է, որ այսօր «Նարեկ»-ով բուժուիլ ցանկացողներուն մեծապէս պէտք է օգնէ բուժուելու ոչ թէ երկի աշխարհաբար, այլ բնագիր տարբերակը կարդալով:
Աղօթամատեանի գրաբար լաւագոյն հրատարակութիւնը կը համարուի 1774 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս տեսածը, որը տպագրուած է Գրիգոր Նարեկացիի գրչագիրէն:
Հայագէտ Աշոտ Պետրոսեան այդ հրատարակութիւնը վերածած է աշխարհաբարի`թարգմանութիւնը զետեղելով բնագրին դիմաց: «Նարեկ»-ի այս փոխադրութիւնը աննախադէպ է, քանի որ Աշոտ Պետրոսեանը բնագրի այն հատուածները, յատկապէս բառերը եւ հասկացութիւնները, որոնք այսօրուան ընթերցողին հասկանալի են, թողած է գրաբար:
Հրատարակութիւնը կը դառնայ գրաբարը դպրոցներու մէջ ներմուծելու քայլերուն օժանդակող գործօն: