Սուրիայէն փախստականներու զանգուածային հոսքին պատճառով կը շահի Թուրքիոյ սեւ շուկան, ուր արտադրուած են հարիւրաւոր ցած որակի վտանգաւոր փրկարարական կիսաթեւ բաճկոններ` օգտուելով երեխաներու աշխատուժէն:
Ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ Իզմիր շրջանին մէջ հագուստի անօրինական արհեստանոցի մը խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած է աշխատող երկու երեխայ:
Գործարանին մէջ աշխատող 2 սուրիացի աղջիկները յայտնաբերելէն բացի, ոստիկանութիւնը առգրաւած է փրկարարական 1263 կեղծ բաճկոն: Անոնց մէկ մասը պատրաստուած եղած են թոյլ անջրաթափանցութեամբ վրանի կտորէ եւ լեցուած եղած են սպունգով ու հին կտորներով:
Վատորակ ապրանքներու անօրինական արտադրութիւնն ու վաճառքը անցեալ տարի Միջերկրական ծովով անցնող 3771 փախստականներուն մահուան պատճառ դարձած է: Անոնց մեծ մասը Թուրքիոյ տարածքէն փորձած են անցնիլ Եւրոպական մայր ցամաքամաս: Յունուարի առաջին օրերուն նման նաւակներէն մէկուն ջրասուզման հետեւանքով թրքական ափ հասած էին 21 փախստականներու դիակներ: