Ատրպէյճանի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշուած է

Յունուար 12-ին եւ լոյս 13-ին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 450 կրակոց:

ԼՂՀ ՊՆ-ի փոխանցած տեղեկութիւններով` պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերու պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշուած է: