Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնի հաղորդագրութիւն թիւ 15
2015-ի Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Գ.Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Բաժնի տնօրէնութիւնը յանձինս՝ Դոկտ.Ռազմիկ Փանոսեանի ի գործ դրած ջանքերուն եւ ՍՇՕՎՄի աջակցութեամբ, կարելի եղաւ իրականացնել Սուրիոյ Հայկական Վարժարաններու՝ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի Գ.Կիւլպէնկեան Հաստատութեան կողմէ յատկացուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրը։
Գ.Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Բաժնի կողմէ մշակուած կրթական օժանդակութեան ծրագրէն օգտուեցան Սուրիոյ մէջ գործող 25 հայկական վարժարաններ (Հալէպ՝ Ազգ.Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ.Զաւարեան Վրժ., Ազգ.Սահակեան Վրժ., Ազգ.Հայկազեան Վրժ., Ազգ.Կիւլպէնկեան Վրժ., Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ. Նաճարեան -Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վրժ., Կիլիկեան Ճեմարան, Բեթէլ Վրժ., Զուարթնոց Վրժ., Մխիթարեան Վրժ., Կրթասիրաց Վրժ., Անարատ Յղութիւն Վրժ., Ս.Գրիգոր Ճեմարան, Ազգ. Մանկապարտէզ, Դամասկոս՝ Ազգ.Թարգմանչաց Ճեմարան, ՀԲԸՄ Գ.Կ. Յառաջապահ Վրժ., Հայ Կաթողիկէ Փարոս Ճեմարան, Ծաղկանց Մանկապարտէզ, Ազգ.Միացեալ Վարժարան, Քեսապ՝ Հայ Կաթողիկէ Բարեյոյս Վրժ., Ազգ.Ուսումնասիրաց Ճեմարան, Լաթաքիա՝ Ազգ.Նահատակաց Վրժ. Ճէզիրէ՝ Ազգ.Եփրատ Վրժ., Ազգ.Մեսրոպեան Վրժ, Ազգ.Ազատութիւն Վրժ.)։
Օժանդակութեան այս ծրագիրին համար Գ.Կիւլպէնկեան Հաստատութեան կողմէ յատկացուեցաւ 175.000 Ա.Տ.։
Սուրիոյ ապրած պատերազմական կացութեան մէջ եւ սուրիահայ համայնքի դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն մէջ, մեծապէս կը գնահատենք Գ.Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Բաժնի կողմէ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի կանգուն պահել հայ դպրոցը, նպաստել արեւմտահայերէնի կենդանութեան ապահովման ու հզօրացման եւ զօրավիգ կանգնիլ հայ դպրոցին ու հայ ուսուցիչին։
Առ այդ, սուրիահայ դպրոցները կը յայտնեն խորին շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն։
Ի ԴԻՄԱՑ՝
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Հալէպ՝ 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016