Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն յետոյ, Հայաստանը կը մտնէ լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլ:
Այս մասին, այսօր` Յունուար 13-ին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պեոտր Սուիդալսգիի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններով` հանդիպման անդրադարձ եղած է ՀՀ-ԵՄ օրակարգային հարցերուն: Սերժ Սարգսեան մէկ անգամ եւս ընդգծած է, որ Եւրոպական միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնն ու յարաբերութիւններու զարգացումը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ԵՄ աջակցութեան համար, ընդգծելով, որ յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն յետոյ, Հայաստանը կը մտնէ լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլ: Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ ԵՄ կողմէն բարեփոխումներուն տրամադրուող աջակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական` նկատի առնելով մինչ այժմ ցուցաբերուած աջակցութեան արդիւնաւէտութիւնը երկրի համար:
ՀՀ-ի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պեոտր Սուիդալսգին յոյս յայտնած է, որ 2016 թուականը ՀՀ–ԵՄ երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր որակ պիտի հաղորդէ, եւ մինչեւ տարեվերջ աւարտին պիտի հասցուին Հայաստան-Եւրոմիութիւն նոր համապարփակ իրաւական փաստաթուղթին շուրջ բանակցութիւնները: Դեսպան Սուիդալսգին վերահաստատած է ԵՄ հետաքրքրուածութիւնը` Հայաստանին օժանդակելու համագործակցութեան զարգացման եւ բարեփոխումներու իրականացման գործին: