Ատրպէյճանի մէջ Երեքշաբթի` 12 Յունուար 2016-ին, արձանագրուած է 4.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ, որ զգացուած է նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:
ՏԿԱԻՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Երկրաշարժաբանական պաշտպանութեան ծառայութեան ցանցին կողմէ Ատրպէյճանի մէջ արձանագրուած երկրաշարժի ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնին մէջ կազմած է 5-6 պալ:
Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուի 10 քմ. խորութեան վրայ:
Երկրաշարժը զգացուած է ԼՂՀ Ստեփանակերտ, Ասկերան, Հատրութ, Շուշի, Բերձոր քաղաքներուն եւ Սիւնիքի մարզի Քաջարան եւ Կապան քաղաքներուն մէջ 3-4 պալ ուժգնութեամբ: