Բաբայեան. «Հակառակորդը ոչ թէ փոխուած է, այլ պարզապէս արժանի հակահարուած կը ստանայ»

Երեքշաբթի՝ 19 Յունուար 2016-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին սահմանային իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:

«Տեսնենք, ոչ թէ հակառակորդը փոխուած է կամ  վերատեսութեան ենթարկած է իր մօտեցումները, այլ պարզապէս արժանի հակահարուած կը ստանայ: Այնտեղ ներքին իրավիճակը բաւական բարդ է: Համեմատած նախորդ մէկ-երկու ամսուան իրավիճակին, վերջին շաբթուան ընթացքին  սահմանը աւելի հանգիստ եղած է,  բայց վստահաբար  կրակոցները տակաւին կան», ըսած է Բաբայեան: