Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապաս ըսած է, որ քրիստոնեաները այս երկրի աղն են, եւ պիտի մնան իրենց հողին ու երկրին մէջ եւ ան որ կը փափաքի անոնց հեռանալը թող ինք հեռանայ:
Աղբիւրին համաձայն՝ այս մասին իր ելոյթին մէջ ըսած է պաղեստինի նախագահը, Բեթղեհէմի մէջ Ս. Ծնունդի առիթով հայ համայնքին այցելութեան ընթացքին, նախագահ Ապաս աւելցուցած է, որ «Այստեղ մենք մէկ ժողովուրդ, մէկ բարեկամութիւն եւ եղբայրութիւն ենք, կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ, կ’ապրինք մէկ երկրի մէջ, որ կը պահպանենք զայն, հետեւաբար երբ ձայներ բարձրացան քրիստոնեաներէն եւ յատկապէս հայերէն ազատելու մասին, անոնց կ’ըսենք, որ մեռնին իրենց զայրոյթով, հայերը պիտի մնան Երուսաղէմի, Ռամալլայի եւ Բեթղեհէմի մէջ»:
Նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, որ «Մենք կը տառապինք առօրեայ սպանութենէն եւ կորատածէն, մենք դէմ ենք ոեւէ մարդու սպանութեան, անկախ անոր սեռէն, ցեղէն կամ կրօնէն», նախագահը ընդգծած է, որ «Մեր դիմադրութիւնը կը մնայ խաղաղ, եւ մենք պիտի համբերենք եւ հաստատակամ մնանք մեր հողին վրայ»:
Նախագահը ըսած է, որ «Ձեր միջոցով նամակ յղած ենք Նորին գերազանցութիւն Հայաստանի նախագահ Սարգսեանին այցելելու Պաղեստին, եւ մենք յոյս ունինք , որ ան կ’ընդառաջէ մեր հրաւէրին»:
Նախագահ Ապաս Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորած է Պաղեստինի հայ համայնքը, Հայաստանի ժողովուրդը եւ համայն հայութիւնը, մաղթելով բարիք, սէր եւ աւելի լաւ օրեր քան մեր ապրած այս օրերը: