Աթէշեան մեկնաբանած է Աղթամարի եկեղեցւոյ մէջ պատարագներու մատուցման վերաբերեալ կառավարութեան որոշումը

Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անդրադարձած է Վանի  Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագները աւելցնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշման, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Milliyet» թերթը, Աթէշեան ըսած է, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագներու քանակի աւելացումը իրենց համար կարեւորութիւն չի ներկայացներ: Ըստ Աթէշեանի` առ այժմ կրնան տարին ընդամէնը մէկ անգամ պատարագ մատուցել: Պատրիարքի փոխանորդը այս հանգամանքը բացատրած է պատարագի մասնակիցներու քանակի նուազմամբ եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակով` յիշեցնելով, որ 2015 թուականի Սեպտեմբերին նախատեսուած պատարագը տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զինուած բախումներու պատճառով չկրցան իրականացնել:

Անդրադառնալով Սուրբ Խաչին մէջ պատարագները աւելցնելու որոշման` Աթէշեան ըսած է. «Առանց այդ ալ պատարագի մասնակիցները տարին 1 անգամ  կրնան գալ: Նախորդ տարիներուն 1000-է աւելի մասնակիցներու թիւը նուազած է` հասնելով մօտ 500-ի: Այս որոշումը մեզի համար որեւէ փոփոխութիւն չի բերեր եւ պարտադիր բնոյթ չունի: Սակայն, եթէ արտերկրէն ինչ-որ խումբեր գան եւ մեզի դիմեն պատարագի իրականացման համար, այդ ժամանակ մենք կրնանք օգտուիլ մեր այս իրաւունքէն: Այնուամենայնիւ, մենք ամէն տարի Սեպտեմբերի 2-րդ շաբթուան մէջ պատարագ պիտի մատուցենք»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ երկրի կառավարութիւնը կը մշակէ բարեփոխումներու փաթեթ, ուր տեղ  գտած են Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն ուղղուած որոշ զիջումներ:

Մասնաւորապէս,  Վանի  Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագները այսուհետեւ կրնան մատուցուիլ ոչ թէ տարին մէկ անգամ, այլ` ըստ անհրաժեշտութեան, որեւէ ատեն: