Պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմը այս տարուան Մարտ ամսուն պիտի ներկայացուի Ուաշինկթընի փառատօնին:
Ըստ Ermenihaber.am –ի՝ «Daily Sabah» կը տեղեկացնէ, որ «Իսթանպուլի աչքը» անուանումը կրող ֆիլմը կը ներկայացնէ լուսանկարիչին կեանքի եւ աշխատանքներուն դիմանկարը: Ֆիլմի առանցքին Կիւլերի նախապատրաստումն է լուսանկարներու ցուցահանդէսին, աշխատանքներու ընտրութիւնը եւ լուսանկարիչին մտորումները իր արխիւներու ապագային մասին:
Արա Կիւլեր աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող է: Յաճախ անոր կը դիմեն «Իսթանպուլի աչք» կամ «Իսթանպուլի լուսանկարիչ» մականուններով: Ծնած է Թոմպուլա հայկական ընտանիքի մէջ: « Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսակիր Կիւլերը լուսանկարած է այնպիսի աշխարհահռչակ մեծերու, ինչպէս՝ Պերթրանտ Ռասըլ, Ուինսթըն Չերչիլ, Մարք Շակալ, Ալֆրեդ Հիչքոք, Թենեսի Ուիլեըմս, Փապլօ Փիքասօ, Սալվատոր Տալի, Վիլիեըմ Սարոյեան, Սերկէյ Փարաջանով եւ այլք: Անոր լուսանկարչական աշխատանքները կը գտնուին աշխարհի շարք մը թանգարաններու, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներու մէջ: