Պրիւքսէլի մէջ կայացաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստը

ՀՀ պատուիրակութիւնը` ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ, Յունուար 18-ին մասնակցեցաւ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին ԵՄ խորհուրդի նախագահութիւնը ներկայացնող Նիտըրլանտներու արտաքին գործոց նախարար Պերդ Գունտըրսը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը:

Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ԵՄ-ի մէջ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան, արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան:

Էդուարդ Նալպանտեանի նախագահութեամբ կայացած` Հայաստան – Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին հանգամանալից քննարկուեցան Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան յետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը` քաղաքական երկխօսութեան, յարաբերութիւններու ապագայ իրաւական հիմքին շուրջ անցեալ տարեվերջին մեկնարկած բանակցութիւններու, շարժունակութեան, մարդու իրաւունքներու, տնտեսական բարեփոխումներու, ԵՄ կողմէն Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան առնչուող հարցերը:

Բանալով նիստը` նախարար Նալպանտեան ըսաւ. «2015-ն առանձնայատուկ տարի էր Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան համար: Մենք ականատես եղանք բարձր մակարդակի այցելութիւնների, անմիջական եւ կառուցողական երկխօսութեան, երկկողմ հանդիպումների, տարբեր ոլորտներում Հայաստան-ԵՄ համաձայնագրերի վերաբերեալ բանակցութիւնների: Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնների նոր իրաւական շրջանակի բանակցութիւնների նախորդ ամսուայ մեկնարկը մեր յարաբերութիւններում նոր էջ է: Հաւատացած ենք, որ նոր համաձայնագիրը կ’արտացոլի մեր երկկողմ յարաբերութիւնների ծաւալն ու խորութիւնը եւ փոխ շահաւէտ համագործակցութեան համար կսահմանի նոր ուղենիշներ»:

Նախարար Նալպանտեան երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՄ-ին` Հայաստանին տարիներ շարունակ ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար, որոնք նշանակալի դեր խաղացած են` Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ հիմնարկային կարողութիւններու զարգացման համար, եւ վերահաստատեց Հայաստանի հաստատակամութիւնը` խորացնելու Եւրոպական միութեան հետ տարբեր ոլորտներու մէջ եւ ուղղութիւններով համապարփակ համագործակցութիւնը` հիմնուելով վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն վրայ` հաշուի առնելով ՀՀ պարտաւորութիւնները այլ միջազգային, ընդելուզման ձեւաչափերուն մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ ԵՄ հետ փոխգործակցութեան առաջնահերթութիւններու շարքին են շարժունակութիւնը, մարդկային յարաբերութիւններու խթանումը: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալպանտեան նշեց, որ 2014 Յունուարին ուժի մէջ մտած ԵՄ – Հայաստան մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի դիւրացման եւ հետընդունման մասին համաձայնագրերը ճանապարհ կը հարթեն դէպի մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի ազատականացման վերաբերեալ գործընթացի մեկնարկը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ապագային հասնելու Հայաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի վերացման:

Էդուարդ Նալպանտեան կարեւոր համարեց նաեւ Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրին կից` կողմերու միջեւ ստորագրուած Արձանագրութեան ուժի մէջ մտնելը, որմով Հայաստանը կրնայ մասնակցիլ ԵՄ ծրագրերու լայն շրջանակի եւ համագործակցելու ԵՄ տարբեր գործակալութիւններու հետ:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան եւ արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան իրենց ելոյթներուն մէջ տեղեկացուցին կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան, դատաիրաւական ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու, 2015-ի տնտեսութեան եւ դատաիրաւական բնագաւառներուն մէջ ԵՄ հետ համագործակցութեան արդիւնքներուն մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Խորհուրդին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ողջ աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած ձեռնարկները եւ անոնց խորհուրդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանին, ԵՄ երկիրներուն` Ցեղասպանութեան հարցով անոնց սկզբունքային մօտեցման համար: Նախարար Նալպանտեան տեղեկացուց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխարգելման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան վերաբերեալ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՄ երկիրներուն` ՄԱԿ-ի ձեւաչափերուն մէջ հայկական նախաձեռնութիւններուն սատարելու համար:

Էդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները, Ատրպէյճանի ապակառուցողական եւ սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի հետ սահմանագծին եւ Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակը:

«Անցեալ տարի արձանագրուեց Ատրպէյճանի կողմից հրադադարի կոպիտ խախտումների զգալի աճ, այդ թւում` ծանր զինատեսակների օգտագործմամբ, որոնք բազմաթիւ մարդկային զոհերի պատճառ դարձան: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները հասցէական կոչեր յղեցին Ատրպէյճանին` զսպուածութիւն ցուցաբերել, յարգել հրադադարի համաձայնագիրը, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իր յանձնառութիւնները, չխոչընդոտել բանակցային գործընթացը, համաձայնել շփման գծում եւ սահմանին հրադադարի խախտումների հետաքննութեան մեխանիզմի ստեղծմանը»,– ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: Էդուարդ Նալպանտեան վստահեցուց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ համատեղ ջանքերը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ` ուղղուած ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

Խորհուրդի նիստի օրակարգին էին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները:

Խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցաւ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Պերդ Գունտըրսի համատեղ մամուլի ասուլիսը: