(Քիչ) Քնանալը Լաւ Է

Պոլսահայ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան կը գրէ.

Եթէ գործնական տեսանկիւնէ նայինք, պիտի ըսենք, որ քունի մէջ անցած մեր կեանքը չապրուած կեանք է: Իրական քունը այն է, որուն ընթացքին մենք այնքան ալ տէր չենք մեր գիտակցութեան, մեր շուրջը ինչ կ՛անցնի կը դառնայ չենք գիտեր, չենք մասնակցիր մեր շուրջի եղելութիւններուն: Երբ կը քնանանք, պէտք է քնանանք, պէտք չէ, որ խանգարեն մեր քունը, որովհետեւ քնանալը կը նշանակէ միջոցի մը համար խզուիլ արտաքին կեանքէն: Կը նշանակէ արտօնութիւն ուզել միջոցի մը համար կեանքէն բացակայելու: Կը նմանինք պանդոկներու այն յաճախորդներուն, որոնք իրենց սենեակի դռնէն կը կախեն վերտառութիւն մը, վրան` «Զիս անհանգիստ մի՛ ընէք» գրուած: Չ՛ըլլայ, թէ սենեակի սպասաւորը գայ ու դուռը զարնէ, ձեզ արթնցնէ, խանգարէ կեանքէ ձեր բացակայութիւնը:

Անշուշտ քունի ընթացքին ալ տարտամ գիտակցութիւն մը ունինք, քունի ընթացքին ալ մեր միտքը կը բանի, ինչպէս որ կը բանին մեր մարմնին գրեթէ բոլոր գործարանները: Այսինքն ապրումներու զերօ աստիճանին վրայ չենք, երբ կը քնանանք: Բայց այս տարտամ ու մշուշոտ գիտակցութիւնը նշանակութիւն մը չունի: Մանաւանդ եթէ մեր քունը ծանր է, մեր շուրջ աշխարհը կրնայ կործանիլ, ու մենք կրնանք չիմանալ: Այս տեսակէտով է, որ ըսինք, թէ քունի մէջ անցած մեր կեանքը չապրուած կեանք է:

Բայց պարտաւոր ենք քնանալ: Եթէ կ՛ուզենք ապրիլ, պայման է, որ մեր կեանքին մէկ մասը դարձնենք քնանալու պատճառով չապրուած կեանք: Եւ ասիկա արդէն մեր կամքին հետ ալ կապ չունի: Մեր կամքէն անկախ է: Երբ ժամը պիտի գայ, քունը ինքզինք պիտի պարտադրէ մեզի: Փախուստ չկայ: Որքան ալ դիմադրես, որքան ալ քնանալ չուզես, ի վերջոյ պիտի քնանաս: Տուրք մը վճարելու պէս, ամէն օր մեր կեանքին որոշ մէկ մասը պիտի յանձնենք քունի հրեշտակին: Բայց ինչո՞ւ դիմադրենք որ արդէն: Շատ յաճախ մենք չե՞նք, որ անհամբերութեամբ պիտի սպասենք անկողին մտնել ու քնանալ: «Քունը աչքերէս կը վազէ» կ՛ըսենք, երբ գիշերուան ժամերը յառաջանալ կը սկսին: Դիպուկ բացատրութիւն: Մարդ կարծես ամէնէն առաջ իր աչքերէն, կը զգայ, որ քուն ունի ու պէտք է քնանայ: Քնանալ կը նշանակէ աչքերը գոցել: Ինչպէս որ քանի մը ժամ վերջ արթննալն ալ պիտի նշանակէ աչքերը բանալ: Մայր բնութիւնը չէ արտօնած, որ բաց աչքերով ալ կարենանք քնանալ: Բայց քունի ընթացքին եթէ մենք մեր շուրջը չենք տեսներ, պատճառն այն չէ, որ մեր աչքերը գոց են այդ պահուն: Բաց ալ ըլլային, պիտի չտեսնէինք:

Բայց քանի՞ ժամ պէտք է քնանանք ամէն օր, կամ քանի՞ ժամ կը քնանանք ամէն օր: Ես անոնցմէ եմ, որոնք քիչ կը քնանան եւ այս պատճառով ալ պիտի ըսեմ, որ թէեւ քնանալը լաւ է, բայց քիչ քնանալը աւելի լաւ է: Սկզբունքս սա է: Քնանալ` այնքան որքան պէտք ունի մեր մարմինը, ո՛չ աւելի: Միամտօրէն կը հաւատամ, որ մեր մարմնին պահանջածէն աւելի երկար քնանալը ժամանակի ու կեանքի կորուստ է: Աւելի խիստ բառով ծուլութիւն:

Ալ ի վիճակի չեմ հաշուելու, թէ քանի տասնամեակներէ ի վեր ամէն առտու կ՛արթննամ զարթուցիչ ժամացոյցով: Խմբագիրի կեանքիս աւելի քառասուն տարիները կը նոյնանան առաւօտները կանուխ արթննալու վարժութեան մը հետ: Մարմինս այլեւս այնքան վարժուած է առտուան այդ կանուխ ժամուն արթննալու, որ զարթուցիչ ժամացոյցին գործելէն երկու կամ երեք վայրկեան առաջ արդէն ինքնաբերաբար կ՛արթննամ: Կարծես այլեւս պէտք չունիմ զարթուցիչ ժամացոյցին: Ասիկա մօտաւորապէս վեցուկէս կամ եօթը ժամուան քուն մըն է: Եթէ երկար տարիներէ ի վեր կրցայ այսքան մը քնանալով ոտքի կանգնիլ ու առողջ աշխատանք տանիլ, կը նշանակէ, որ այդքան քունը բաւարար է մարմնին համար: Եւ եթէ ինծի համար այդպէս է, կ՛երեւի թէ ուրիշներու համար ալ այդպէս պէտք է ըլլայ:

Գիտեմ, որ կան մարդիկ, որոնց մարմինը աւելի երկարատեւ քուն կը պահանջէ, կամ իրենք կը սիրեն աւելի երկար քնանալ: Մինչեւ տասը ժամ քնացողներ կան: Իմ կարծիքով, ասիկա ժամանակի կորուստ է: Բայց եթէ մարդ առտուան ժամուն ընելիք կարեւոր կամ ստիպողական գործ չունի, ինչո՞ւ չքնանայ: Քնանալը լաւ է: Քունը բարիքներու աղբիւր մըն է: Քունը չարիքներու ալ թշնամին է: Կան շատ նեղութիւններ ու տառապանքներ, որոնցմէ փրկուելու համար ոչ դեղի պէտք ունինք, ոչ ալ բժշկական խնամքի, այլ պէտք ունինք միայն քունի: Աղուոր ու հանգիստ քունի մը: Ֆիզիքական անհանգստութիւն մը, ցաւ մը, ահաւոր յոգնութիւն մը, կամ անհանգստացնող մտածումէ ծնունդ առնող անտրամադրութիւն մը, վախ մը, դեռ չեմ գիտեր ինչ, ահաւասիկ բաներ, որոնք գիշերը կան եւ առտուն կը չքանան` քանի մը ժամուան քունի շնորհիւ: Քնանալը լաւ է: Եւ թէ շատ լաւ: Բայց երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ պէտք է քնանանք այնքան, որքան պէտք ունինք:

Ես մէկն եմ, որ իր ասպարէզին մէջ բաւական շատ գործ ստեղծած է: Բազմաթիւ բարեկամներ միշտ հարցուցած են ինծի, թէ ի՛նչպէս ժամանակ կը գտնեմ այսքան շատ գործ տալու: Ես երկու պատասխան ունիմ անոնց այս հարցումին:

Առաջին պատասխանս այն է, որ մարդ անպայման ժամանակ կը գտնէ իր ընել ուզածին համար, իր սիրած գործին համար: «Ժամանակ չունիմ»-ը ապօրէն խօսք է որոշ չափով:

Իսկ երկրորդ պատասխանս թէեւ ինծի յատուկ գաղտնիք է, բայց կրնամ սիրով հրապարակել զայն: Ահաւասի՛կ: Երբեմն կրնամ հաշուել, թէ ես աշխատանքի ու հաճելի գործ տեսնելու որքան շատ ժամանակ շահեցայ քառասուն տարիէ ի վեր ամէն օր երկու ժամ քիչ քնանալով: Կեցցե՛ն աշխարհի բոլոր զարթուցիչ ժամացոյցները, որոնք մեզի կ՛ըսեն. «Ե՛լ, այսքանը կը բաւէ, ե՛լ ու աշխատէ՛, ե՛լ ու կեանքը վայելէ՛: Քնանալը լաւ է, բայց ապրիլը աւելի լաւ է: